Հոտառութեան կորուստը կրնայ կապուած ըլլալ 65 տարեկանէն վեր մարդոց մահուան վտանգի հետ. այս ախտանիշը կրնայ վկայել նեարդային հիւսուածքի այլասերիչ փոփոխութիւններով բնութագրուող հիւանդութիւններու մասին: Այս մասին գրուած է JAMA Otolaryngology-Head & Neck Surgery գիտական ամսագիրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ:
Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ հոտառութեան խանգարումը կապուած է վատ սնուելու, անվտանգութեան նուազումի հետ (մարդիկ կազի եւ փճացած սնունդի հոտ չեն զգար) եւ կեանքի որակի ընդհանուր նուազումով (Medportal.ru-ի փոխանցումով):
Գիտնականները կը կարծեն, որ հոտառութեան կորուստը կրնայ կապուած ըլլալ հիւանդութիւններու զարգացման հետ, որոնց պարագային նեարդային հիւսուածքի այլասերիչ փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այդ մէկը կրնայ բացատրել մահացութեան աճը այս ախտանիը ունեցող մարդոց ծիրին մէջ: Կան նաեւ տուեալներ, որ հոտառութեան խանգարումը կրնայ վկայել, ծերութեան տարիքի մէջ, ճանաչողական խանգարումներու մասին:
Գիտնականներ վերլուծած են 40-էն վեր 3500 մարդոց առողջական տուեալները, որոնք մասնակցած են «Առողջութեան եւ սնունդի ազգային հետազօտութեան»: Այս մարդոց հոտառութիւնը կ՛որոշուէր ինչպես անոնց խօսքէն, այնպէս ալ` առարկայականօրէն: Հարցումներու ժամանակ, մարդոց աւելի քան 21 առ հարիւրը բողոքած է հոտառութեան հետ կապուած խնդիրներէն: Սակայն առարկայական «թեսթ»-երը նման խնդիրներ յայտնաբերած են միայն 13 առ հարիւրին մօտ:
Ինչպէս պարզուած է, հոտառութեան միայն առարկայական նուազումն է, որ կապուած է մահուան հաւանականութեան բարձրացումին հետ: 65 տարեկանէն վեր մասնակիցներու մօտ հոտառութեան` հոտառութեան որոշման չափով 1 կէտով կորուստը կապուած էր մահուան վտանգի 18 առ հարիւրով աճի հետ: Ըստ որուն, գիտնականները 40-64 տարեկան մարդոց մօտ նման օրինաչափութիւն չեն յայտնաբերած: