Եգիպտոսի համալսարանի մասնագէտներու կարծիքով, նարինջը հակաժահրային նիւթ մը կը պարունակէ, որ կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ նոր «քորոնա» ժահրին դէմ: Ինչպէս յայտնած է «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ն, այդ մէկը «պիոֆլավոնոյտ հեսփերիտին»-ն է, որ, ըստ մասնագէտներուն, տեսականօրէն կրնայ օգտագործուիլ ժահրային հիւանդութիւններու, այդ շարքին` «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ բուժման համար:
«Հեսփերիտին»-ը կը գտնուի նարնջազգի պտուղներու, հիմնականօրէն` նարինջի կեղեւին մէջ: Անիկա իբրեւ «հակաօքսիտիչ», հակաբորբոքային, «վենոթոնիք» (երակային ջրահեռացում) եւ սիրտի պաշտպանութեան միջոց կը գործէ: Այլ «ֆլավանոյտ»-ի, «տիոսմին»-ի հետ միասին, «հեսփերիտին»-ը կ՛օգտագործուի երակային անբաւարարութեան բուժման մէջ:
Այժմ մասնագէտները «Հեսփերիտին»-ի նոր կիրառում մը գտած են. փաստուած է, որ անիկա կրնայ արգելափակել «քորոնա» ժահրին մուտքը ընդունող բջիջներու (ACE2) ընկալիչներու միջոցով, ինչ որ կրնայ կանխել վարակումը:
Այս նիւթը կ՛ազդէ նաեւ բջիջային անձեռնմխելիութեան վրայ եւ հակաբորբոքային ազդեցութիւն կը յառաջացնէ, որոնք միասին կը նուազեցնեն «զիթոքին»-ային (միջբջիջային փոխազդեցութեան սպիտակուցային բնոյթի միջնորդներ) փոթորիկի` կեանքին սպառնացող երեւոյթի յառաջացման վտանգը, որու ընթացքին դիմադրողական համակարգը դուրս կու գայ վերահսկողութենէն: