Գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով մուկի ցօղունային բջիջներէն սաղմեր աճեցուցած են, որոնց մօտ ուղեղ, բաբախող սիրտ եւ մարմնի այլ օրկաններու հիմքեր ձեւաւորուած են, գրուած է Nature ամսագրին մէջ:
Փորձի ընթացքին, Քեմպրիճի համալսարանի կենսաբանները աշխատած են երեք տեսակի ցօղունային բջիջներու՝ սաղմնային ցօղունային բջիջներու (ESC), «թրոֆոպլասթ»ներու (TSCs) եւ iXEN բջիջներու հետ: Գիտնականները դասաւորած են «էմպրիոճենեսիզ»ի մէջ ներգրաւուած «ճին»երու որոշ խումբերու «էքսփրեշըն»ը՝ բջիջներու կառուցուածքներու ինքնակազմակերպման հասնելով, որոնք զարգացման յաջորդական փուլեր անցած են 8.5 օրուան ընթացքին: Անոնց մօտ կծկուող սիրտեր, առաջնային եւ միջին ուղեղ, ինչպէս նաեւ դեղնուցի պարկ ձեւաւորուած է:
Մարդու սաղմի յաջող զարգացման համար ճիշդ փոխազդեցութիւն անհրաժեշտ է այն հիւսուածքներու միջեւ, որոնք սաղմ կը դառնան, եւ այն հիւսուածքներու՝ որոնք կը կապեն սաղմը մօր հետ: Բեղմնաւորումէն ետք, առաջին շաբթուան ընթացքին, երեք տեսակի ցօղունային բջիջներ կը զարգանան. մէկը ի վերջոյ օրկանիզմի սեփական հիւսուածքներ կը դառնայ, իսկ միւս երկուքը կը նպաստեն սաղմի զարգացման: Ցօղունային բջիջներու այս արտասաղմնային տեսակներէն մէկը «փլասենթա»ն է, իսկ երկրորդը՝ դեղնուցի պարկը, ուր սաղմը կ՛աճի եւ ուրկէ սննդանիւթեր կը ստանայ։
Գիտնականները մէկտեղած են բոլոր երեք տեսակի ցօղունային բջիջներու մշակոյթները ճիշդ համամասնութեամբ եւ ճիշդ սննդարար միջավայրի մէջ: Հեղինակները իրենց հետազօտութեան հիմնական ձեռքբերումը կը նկատեն գրեթէ ամբողջական սաղմնային ուղեղի ձեւաւորումը։ Գիտնականները նաեւ անջատած են նեարդային խողովակի զարգացման համար պատասխանատու «ճին»ը: Եզրակացութիւն՝ «սինթեթիք» սաղմերու մօտ ճիշդ նոյն արատները զարգացած են, ինչ որ համապատասխան է «միւթէյշըն»ով կենդանիներու մօտ։ Այդ մէկը կը հաստատէ այն մասին, որ աճեցուած սաղմերը նման են բեղմնաւորուած սեռական բջիջներէն ստացուած սաղմերուն:
Ստացուած սաղմերը յարմար հարթակ են սաղմնային գործընթացներու in vitro ուսումնասիրութեան համար։ Հետազօտողները յոյս ունին, որ ատոնք կ՛օգնեն հասկնալու, թէ ինչո՞ւ տարրալուծարանային պայմաններու մէջ արտամարմնային բեղմնաւորում զարգացնող որոշ սաղմեր ողջ կը մնան եւ կը շարունակեն ամբողջական օրկանիզմ դառնալ, իսկ միւսները կը մահանան: Յայտնի է, որ յղութեան արհեստական ընդհատման բարձր վտանգը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ երեք տեսակի ցօղունային բջիջները կը սկսին իրարու մեքենական եւ քիմիական ազդանշաններ ուղարկել, որոնք սաղմին ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ճիշդ զարգանայ։