Կ՛ակնկալուի, որ այս դարու կէսերուն, քաղցկեղի դէպքերը աշխարհի մէջ աճ արձանագրեն մօտաւորապէս 77 առ հարիւրով, յայտնած է ՄԱԿ-ը:
2050 թուականին, կը կանխատեսուի քաղցկեղի աւելի քան 35 միլիոն դէպք՝ 2022 թուականի 20 միլիոնին հետ բաղդատելով։
Ծխախոտը, ալքոլը եւ գիրութիւնը, օդի ապականութեան հետ միատեղ, աճի հիմնական գործօններն են:
Կ՛ակնկալուի, որ աւելի հարուստ երկիրներու մէջ քաղցկեղի դէպքերու մեծագոյն բացարձակ աճ տեղի ունենայ։
Այնուամենայնիւ, ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ կ՛ակնկալուի քաղցկեղի պարագաներու աւելի բարձր համամասնական աճ, եզրակացութիւն՝ մահացութեան մակարդակը գրեթէ կը կրկնապատկուի:
Ընդհանուր առումով, 2022 թուականին աշխարհի մէջ քաղցկեղի տասը տեսակները կազմած են նոր դէպքերու եւ մահերու մօտաւորապէս երկու երրորդը:
Թոքերու քաղցկեղը ամբողջ աշխարհի մէջ ամենատարածուած ձեւն էր. արձանագրուած է 2,5 միլիոն նոր դէպք: Անիկա կազմած է բոլոր նոր դէպքերու աւելի քան 12 առ հարիւրը եւ մահերու 18,9 առ հարիւրը (1,8 մլն), ինչ որ զայն կը դարձնէ քաղցկեղէն մահացութեան հիմնական պատճառը:
Կրծքագեղձի քաղցկեղը կիներու պարագային տարածուածութեամբ երկրորդն է՝ աշխարհի մէջ 2,3 մլն դէպքով կամ 11,6 առ հարիւրով, սակայն անոր բաժին կ՛իյնայ մահացութիւններու 6,9 առ հարիւրը: Քաղցկեղի այլ տարածուած տեսակները եղած են «քոլորեքթըլ», շագանակագեղձի եւ ստամոքսի քաղցկեղները:
«Քոլորեքթըլ» քաղցկեղը մահացութեան երկրորդ պատճառն է, որուն կը յաջորդեն լեարդի, կրծքագեղձի եւ ստամոքսի քաղցկեղները: Արգանդի վզիկի քաղցկեղը դարձած է ութերորդ ամենատարածուած քաղցկեղի տեսակը աշխարհի մէջ։