«Հայ մամուլի տարի»

Այս տարի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ հռչակուած է «Հայ Մամուլի Տարի»: «ԶԳՈՅՇ»-ը, իբրեւ առողջապահական եւ նախազգուշական պարբերաթերթ, անցնող հինգ տարիներու իր շարունակական եւ հետեւողական հրատարակութեամբ մեծ ընդունելութիւն գտած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Գանատայի եւ Եւրոպայի մէջ: Ուրիշ խօսքով, մեծ թիւով ընթերցասէրներ կը սպասեն «ԶԳՈՅՇ»-ի իւրաքանչիւր թիւի հրատարակութեան: Փաստօրէն անհրաժեշտ բաց մը գոցելու նպատակով սկսած աշխատանքը…

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ

Չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան,…