Առաջին մանուկը կրնայ ծնիլ տիեզերքի մէջ յաջորդ 12 տարիներու ընթացքին

Առաջին մանուկը տիեզերքի մէջ կրնայ ծնիլ յաջորդ 12 տարիներուն։ SpaceBorn United-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն, տոքթոր Էկպերթ Էտելպրուք ըսած է, որ ընկերութիւնը կ՛աշխատի առաքելութիւններու վրայ, որոնց մէջ յղի կիներ պիտի կարողանան ծննդաբերել ուղեծիրին մէջ, տեղեկացուցած է PA-ն։ Ներկայիս նպատակը այն չէ, որ յղութիւնը ընթանայ տիեզերքին մէջ, այլ այն, որ ծննդաբերութիւնը կատարուի 24-36 ժամուն։ Ելոյթ ունենալով…

Աղտոտ ձեռքերը կրնան աշխարհի մէջ տարեկան 1,4 միլիոն փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալ

«Ռոսբոթրեպնատզորը» յայտնած է, որ աղտոտ ձեռքերը կրնան աշխարհի մէջ տարեկան 1,4 միլիոն փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալ։ Այս տուեալները ներկայացուած են Հոկտեմբեր 15-ին  Մաքուր ձեռքերու համաշխարհային օրուան վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ամէն տարի, աւելի քան 1,4 միլիոն մարդ աշխարհի ամբողջ տարածքին կը մահանայ թոքի պաքթիրիայի բորբոքումէն (pneumonia) եւ լուծէն (աղիքի գործունէութեան…

Որո՞նք են փոքրիկներու գիրնալու պատճառները

Աղիքային մանրէները եւ ատոնց փոխգործակցութիւնը դիմադրողական բջիջներու եւ «մեթապոլիք» օրկաններու հետ, ներառեալ ճարպային հիւսուածքը, կարեւոր դեր կը խաղան փոքրիկներու ճարպակալումի հարցին մէջ։ Այսպիսին են՝ Wap Forest Baptist Health-ի գիտնականներու հետազօտութիւններու արդիւնքները, տեղեկացուցած է MedicalXpress-ը: «Բժիշկները նախապէս կը կարծէին, թէ ճարպակալումը ջերմուժի չափազանց մեծ քանակութեան սպառումի արդիւնք է։ Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին կատարուած հետազօտութիւններու շարքը հաստատած է,…

Ինչո՞ւ նորածինները պէտք չէ երկար մնան «քարսիթի» մէջ

Նորածիններու համար վտանգաւոր է ինքնաշարժերուն մէջ տեղադրուող մանկական նստատեղերու՝ այսպէս կոչուած «քարսիթերու» մէջ 30 վայրկեանէն աւելի նստած մնալը: Նման եզրակացութեան յանգած են բրիտանացի ընկերաբանները, որոնք հետազօտութիւն կատարած են Churchill Car Insurance-ի պատուէրով: Եթէ նորածինը քնացած դիրքով երկար կը մնայ մանկական նստատեղի մէջ, ապա անոր մօտ կրնան շնչառական խնդիրներ յառաջանալ: Սակայն, վիճակագրութիւնը ցոյց տուած է, որ…

Փոքրիկները պէտք է սկսին գիրքերով խաղալ 6-ամսականէն սկսեալ. մասնագէտ

Փոքրիկներուն պէտք է գիրքերու հետ ծանօթացնել ոչ թէ դպրոց յաճախելու նախապատրաստութեան ժամանակ, այլ շատ աւելի կանուխ՝ 6 ամսականէն սկսեալ: Այսպիսի կարծիք յայտնած է մանկաբուժ Կարինէ Լեփեճեան (Միացեալ Նահանգներ): Անոր խօսքով՝ այն փոքրիկները, որոնք տակաւին չեն կրնար կարդալ,  կրնան գիրքերով խաղալ, անոնց ձեռք տալ, նայիլ, տանիլ բերանը, եւ այս բոլորը կը նպաստեն անոնց զարգացման: Բայց նման…

Մայրը իր զաւակին պատկերին մէջ հիւանդութեան նշան յայտնաբերած է

Մեծն Բրիտանիոյ բնակչուհի Սթեյսի Տեկլերք փրկած է վեցամսեայ զաւակին՝ Պրոուտիին, աչքի ցանցաթաղանթի ուռուցքէն, երբ անոր նկարները դիտելու ժամանակ, հիւանդութեան ախտանշաններէն մէկը յայտնաբերած է, գրած է ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն՝ յղում կատարելով The Sun պարբերականին։ Ինչպէս պատմած է Սթեյսի, ան զաւակին նկարները դիտած ժամանակ տեսած է, որ անոր աջ աչքին մէջ սպիտակ փայլք մը կայ։ Կինը սկսած է…

Ինչո՞ւ կարելի չէ համբուրել նորածիններուն

Նիւ Ճըրզիի բնակիչներէն Արիանա ԴիԳրիգորիոն կը զգուշացնէ, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ համբուրել նորածիններուն: Facebook-ի իր էջին վրայ Արիանա ան տեղադրած է իր նորածին տղուն՝ Անթոնիոյին լուսանկարը: «Եսասեր մի՛ ըլլար: Մի՛ համբուրեր փոքրիկներուն: Չ՛արժեր»,- գրած է ան, հաղորդած է Fox News-ը: Անոր 8 ամսական տղան հիւանդանոց հասած է RՏ-«վիրուսի» վարակով, որ տարածուած է: Հիւանդութիւններու կանխարգիլումի եւ…

Ինչպէ՞ս պայքարիլ քաղցրեղէն ուտելու փափաքին դէմ. սննդաբանի խորհուրդները

Ժամանակակից շատ մարդիկ իրենց կեանքը չեն պատկերացներ առանց քաղցրաւենիքներու. կարկանդակները, «ուաֆըլ»-ները, թխուածքապլիթները եւ շաքար-շոքոլաները շատոնց դարձած են անոնց ամէնօրեայ սննդաբաժինի մէկ մասը։ Այս բոլոր ուտելիքները վնասակար են թէ՛ առողջութեան, թէ՛ կազմուածքին, եւ շատերը հիանալի կերպով կը հասկնան, բայց չեն պատկերացներ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պայքարիլ քաղցր ուտելու ցանկութեան դէմ։ Սննդաբան Գայեանէ Շահխաթունի քանի մը խորհուրդ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՖՀԻԼ իրար օգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար, իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու: Դիմումնագիրները պիտի ամբողջացուին ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն www.afhil.com university fund application. Մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2019 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուած ըլլան: Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել: Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները…