Ինչպէ՞ս կազմակերպել փոքրիկներու սննդակարգը Ամանորի առիթով

Տօներու ընթացքին, փափաքելի է փոքրիկի մը սննդակարգը չփոխել, ինչպէս կը պնդեն բազմաթիւ մասնագէտներ: Անշուշտ, դժուար է փոքրիկին զրկել տօնական ուտելիքներէն, սակայն հիւրասիրութեան ժամանակ, խնդիրներէ խուսափելու համար, պէտք է զգուշ ըլլալ «անծանօթ» սնունդ առնելու առումով, կը նշեն մասնագէտները: Փոքրիկներու մեծամասնութիւնը շատ կը սիրէ կազաւորուած խմելիք եւ քաղցր հիւթեր, սակայն անոնք, ինչպէս յայտնի է, այդքան ալ օգտակար…

7 խորհուրդ` նախատօնական գնումներու մասին

Տօներուն ընդառաջ, գնումները արդէն կը սկսին: Բոլորին միտքին մէջ է` ի՞նչ գնել, ո՞ր ուտելիքը պէտք է, ի՞նչն է ամէնէն կարեւորը եւ ինչպէ՞ս խուսափիլ թունաւորումներէն: Շարք մը խորհուրդներ այս հարցերու շուրջ: Անհրաժեշտ է. գնումներ կատարել խանութներէն, ոչ թէ անկազմակերպ վաճառքի կէտերէն՝ փողոցէն եւ շուկաներու յարակից տարածքներէն, գնել թարմ, չվնասուած ուտելիք, աղցանները, մսային կերակրատեսակները, դոնդողները (ճելօ) պատրաստել…

Ո՞ր պարագային կրնայ խնձոր ուտելը վտանգաւոր ըլլալ առողջութեան համար

Ճաշելէն անմիջապէս ետք, խնձոր ուտելը շատ վտանգաւոր է ակռաներուն համար։ Այսպիսի անսպասելի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ատամնաբուժութեան հարցերու փորձագէտ Մարքուս Ֆելպեր, տեղեկացուցած է Focus.de ամսագիրը։ Մասնագէտին խօսքով՝ շատ մարդիկ խնձորը ճիշդ չեն օգտագործեր, օրինակ՝ անիկա կ՛ուտեն կերակուրէն գրեթէ անմիջապէս ետք։ Բայց այդ հանգամանքներուն մէջ ակռայի էմալը կ՛ենթարկուի վտանգաւոր թթուային յարձակումի։ Ակռաները, մասնագէտին խօսքով, ունին պաշտպանական…

Ինչո՞ւ ցերեկը քնանալը վտանգաւոր է

Մարդիկ, որոնք կը քնանան ցերեկը կամ չափէն աւելի երկար կը քնանան գիշերը (9 եւ աւելի ժամ), աւելի շատ ենթակայ են կաթուած ունենալու վտանգին։ Այս մասին կը նախազգուշացնեն  Ուհանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համալսարանի չինացի գիտնականները։ 6 տարի տեւած հետազօտութեան մասնակցած է 31 750 մարդ Չինաստանի մէջ, որոնց միջին տարիքը 62 է։ Դիտարկումներու սկիզբը կամաւորներու մօտ կաթուածներ…

Բրիտանացիներու 40 առ հարիւրը Ծնունդին կը հրաժարի աւանդական հնդկահաւէն

Աւելի շատ բրիտանացիներն են, որոնք Ծննդեան տօներուն կը հրաժարին հնդկահաւով աւանդական ընթրիքէն՝ զայն փոխարինելով այլ կերակրատեսակներով: Այդ մասին կը վկայէ հասարակական կարծիքի հարցումը, որ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Whole Foods Market հանրախանութներու ցանցի նախաձեռնութեամբ: Անիկա մասնագիտացած է առանց արհեստական ներկանիւթերու, համի ուժեղացուցիչներու, քաղցրացուցիչներու եւ արտաճարպերու պարունակութեան օրկանական ուտելիքներու վաճառքի բնագաւառին մէջ,…

Ինչպէ՞ս աւելի երիտասարդ տեսք ունենալ. Սրտաբանի խորհուրդներ

Ապրելակերպը մեծ նշանակութիւն ունի մեր ծերանալու առումով, կը շեշտէ սրտաբան, Միււնիխի (Գերմանիա) Արհեստագիտական համալսարանի բժշկական ստորաբաժանումի նախազգուշական եւ վերականգնողական սփորթային բժշկութեան ամպիոնի աւագ բժշկական տնօրէն Մարտին Հալեն: Առողջ ապրելակերպ ունեցող մարդիկ աւելի դանդաղ կը ծերանան եւ աւելի երիտասարդ տեսք կ՛ունենան՝ ի տարբերութիւն վատ սովորութիւններ ունեցող մարդոց: “Focus” պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ, սրտաբանը նշած է, որ…

Տօնական պայթուցիկները՝ վնասուածքներու պատճառ

Ամանորի նախօրէին, պայթուցիկներու պատճառով, փոքրիկները բազմաթիւ վնասուածքներ կը ստանան՝ այրուածքներէն մինչեւ այնպիսի վնասուածքներ, որոնց պարագային կարիք կը զգացուի գործողութեան միջամտութեան կամ նոյնիսկ մատներու անդամահատումին։ Այս մասին յայտնած է մանկական վնասուածքաբան-«օրթոփետ», Մանկական վնասուածքաբանութեան եւ «օրթոփետիք» գիտական կեդրոնի բաժինի վարիչ, բժշկական գիտութիւններու տոքթոր Արա Այվազեան։ Մասնագէտին խօսքով, նման դէպքերը աւելի յաճախ տեղի կ՛ունենան Ամանորին։ «Այդ մէկը բոլոր…

Գիտնականները կը նշեն 2 ուտելիք, որոնք կարելի չէ տալ մինչեւ 2 տարեկան փոքրիկներուն

Ճիշդ ձեւով սնունդ ստանալու հիմերը կը դրուին մանուկ հասակին եւ կ՛արտացոլացուին մարդու «համ»ային հակումներուն մէջ արդէն հասուն տարիքին։ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխումի կեդրոնի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մասնագէտները ուսումնասիրած են  մէկուկէսէն մինչեւ 23 ամսուան 1000 փոքրիկի սնունդ ստանալու մասին տուեալները եւ տեղեկացուցած, որ ծնողներու շրջանակին մէջ մեծ տարածում ունեցող 2 ուտելիք աւելի լաւ է չտալ մինչեւ…

Հիւթերը եւ սուրճը խմել ջուրով. ատամնաբուժի խորհուրդ

Մարդիկ անհրաժեշտ ուշադրութիւն չեն դարձներ ակռաներու եւ բերանի խոռոչի առողջութեան պահպանման: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ակռաներու առողջութիւնը եւ գեղեցկութիւնը առաջնահերթութիւն են մարդոց մեծամասնութեան համար, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել շատ մը այլ երկիրներու համար, այդ շարքին՝ Հայաստանի։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է ատամնաբուժ Ժանեթ Չանգ (ԱՄՆ)։ Բժիշկ Չանգ երկու անգամ եկած է Հայաստան բարեգործական բժշկական առաքելութեան…