Ամանորի նախօրէին, պայթուցիկներու պատճառով, փոքրիկները բազմաթիւ վնասուածքներ կը ստանան՝ այրուածքներէն մինչեւ այնպիսի վնասուածքներ, որոնց պարագային կարիք կը զգացուի գործողութեան միջամտութեան կամ նոյնիսկ մատներու անդամահատումին։ Այս մասին յայտնած է մանկական վնասուածքաբան-«օրթոփետ», Մանկական վնասուածքաբանութեան եւ «օրթոփետիք» գիտական կեդրոնի բաժինի վարիչ, բժշկական գիտութիւններու տոքթոր Արա Այվազեան։
Մասնագէտին խօսքով, նման դէպքերը աւելի յաճախ տեղի կ՛ունենան Ամանորին։
«Այդ մէկը բոլոր երկիրներու մէջ տօնական օրերուն տեղի կ՛ունենայ։ Կը դիմեն ե՛ւ փոքրիկները, ե՛ւ մեծահասակները։ Տարեկան քանի մը տասնեակ դէպքեր տեղի կ՛ունենան, մէկ-երկուքը՝ ծանր վնասուածք»,- նշած է ան։
Բժիշկին խօսքով՝ այդ պայթուցիկները ինքնին վտանգաւոր չեն, պարզապէս ծնողները պէտք է աւելի ուշադիր ըլլան փոքրիկներուն նկատմամբ, բացատրեն անվտանգութեան կանոնները։
«Խնդիրը այն է, որ այդ պայթուցիկները փոքրիկները կրնան իրենց գրպանի գումարներով գնել։ Պէտք է ձեւ մը որդեգրել, կարելի է օրէնքի միջոցով կիրառել, որ անչափահասներու վաճառքը արգիլուի։ Հիմնական վտանգի խումբը 7-11 տարեկաններն են»։
Արա Այվազեան նշած է, որ հիմնականին մէջ թեթեւ վնասուածքներ տեղի կ՛ունենան:
«Բաց ձեռքի մէջ երբ կը պայթի, փոքրիկը կը ստանայ թեթեւ այրուածքներ կամ մաշկի վնասուածքներ։ Իսկ եթէ պայթուցիկը փակ ձեռքի մէջ կը պայթի, այդ ամբողջ ուժը, որ պայթուցիկի մէջ է, կ՛երթայ խորունկ՝ ձեռքի մէջ, դէպի ոսկորներ եւ կը յառաջացնէ լուրջ վնասուածքներ, որոնց պատճառով փոքրիկը կրնայ կորսնցնել մատները»,- ըսած է մասնագէտը, աւելցնելով, որ տարեկան լուրջ վնասուածքներու քանի մը դէպք կ՛արձանագրուի, որոնց պարագային կարիք կը զգացուի գործողութեան միջամտութեան՝ երբեմն մատներու մասնակի կամ ամբողջական անդամահատումով։
Ծնողներուն՝ մասնագէտը խորհուրդ կու տայ փոքրիկներուն չտալ պայթուցիկներ, կամ առնուազն փոքրիկներու կողքին ըլլալ, կրկնակի զգուշութիւն դրսեւորել եւ առանց իրենց ներկայութեան չարտօնել որեւէ պայթուցիկ օգտագործել։
Պայթուցիկներու պատճառով ստացուող վնասուածքներուն անդրադարձած էր նաեւ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան։ Անոր խօսքով, Ամանորի նախասեմին դարձեալ սկսած են արձանագրուիլ փոքրիկներու մատներու եւ ձեռքերու անդամահատումի դէպքեր` փոքրիկներու ձեռքերու մէջ պայթուցիկներ պայթելու պատճառով: Նախարարը կոչ ուղղած էր ծնողներուն, որ փոքրիկներու համար չի գնեն պայթուցիկ սարքեր, ինչպէս նաեւ խօսին փոքրիկներու հետ ատոնց վտանգաւոր ըլլալուն մասին։
Ըստ նախարարին՝ տարեկան 10-15 փոքրիկ կը մնայ առանց մատներու՝ պայթուցիկներու պատճառով: