Աշխատաւորական նախարարութեան օրէնքով, իւրաքանչիւր օտարահպատակ, Լիբանանի մէջ աշխատելու համար, պէտք է ունենայ օտարահպատակներու յատուկ ապահովագրութիւն, որ կ՛ընդգրկէ.
- C Կարգ կամ Ընկերային Ապահովութեան հիւանդանոցային Կարգ` արկածներու պարագային, ինչպէս նաեւ՝ վիրահատական բուժումներու եւ դեղորայքի
- Մահուան պարագայի՝ $8,000 ամ. տոլար
- Անհատական արկած՝ (PTD-PPD) $10,000 ամ. տոլար
- Տարեկան հիւանդանոցային՝ $23,000 ամ. տոլար
- Մայր հայրենիք վերադառնալու ծախսեր, եթէ անձը պարտադրուած ըլլայ ձգելու երկիրը հետեւեալ պարագաներու.
– Օրինական հեղինակութեան մը որոշումով
– Գործատիրոջ մահուան պատճառով
– Գործատիրոջ սնանկացումի պատճառով
– Երբ ի յայտ գայ, որ ապահովագրուողը երկարատեւ հիւանդութիւն ունի:
Ընտրութիւն
- Այս ծրագիրին վրայ կրնաք աւելցնել ախտաճանաչումի քննութիւնները, որոնք կը ծածկեն տարեկան երեք քննութիւն: