Մորթի քաղցկեղը Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղցկեղի ամենէն ընդհանրացած տեսակն է, եւ Մորթաբանութեան ամերիկեան ակադեմիային համաձայն՝ մանկութեան կամ պատանեկութեան ընթացքին արեւու պատճառով գոյացած զօրաւոր արեւայրուք մը (մաշկին վրայ ջրապալարներ յառաջացնող արեւայրուք) բաւարար է, որպէսզի հետագային «մելանոմա»ի զարգացման հաւանականութիւնը գրեթէ կրկնապատկուի։ Որովհետեւ նորածինները եւ փոքրիկները դիւրութեամբ արեւայրուք կը ստանան, քան աւելի մեծերը, յատկապէս կարեւոր է զանոնք պաշտպանել արեւու վնասակար ուլթրամանիշակագոյն (UV) ճառագայթներէն։
«Մայօ Քլինիք»ի (Mayo Clinic) մանկական մորթաբան տոքթ. Մեղա Թոլէֆսըն կը յանձնարարէ, թէ ինչպէս կարելի է նորածինները եւ փոքրիկները ապահով պահել բացօթեայ միջավայրի մէջ։
«Արեւայրուքները կրնան շատ ցաւոտ ըլլալ», կը բացատրէ տոքթ. Թոլէֆսըն։ «Եթէ անոնք բաւական ծանր ըլլան, կրնան վարակներու զարգացման նպաստել»։
Թէեւ արեւայրուքները յաճախ կարճաժամկէտ խնդիրներ կը նկատուին, արեւու ազդեցութեան ենթարկուիլը նաեւ երկարաժամկէտ վտանգներ ունի։
«Որքան աւելի շատ ուլթրամանիշակագոյն (UV) ճառագայթներու ազդեցութեան ենթարկուի փոքրիկը, յատկապէս եթէ այդ ազդեցութիւնը սկսի կեանքի կանուխ տարիներուն, եւ որքան աւելի շատ արեւայրուքներ ունենայ, այնքան աւելի կը բարձրանայ անոր մորթի քաղցկեղով հիւանդանալու վտանգը հետագային», կ’ըսէ տոքթ. Թոլէֆսըն։
Մորթի քաղցկեղի երկարաժամկէտ վտանգը նուազեցնելու համար կեանքի առաջին քսան տարիներուն արեւէն պաշտպանուիլը յատկապէս կարեւոր է։
Նորածիններու պարագային, լաւագոյնը առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4-ը՝ արեւու ամենէն զօրաւոր ժամերուն, անոր ազդեցութենէն խուսափիլն է։ Եթէ այդ կարելի չէ, փոքրիկը պաշտպանեցէք ստուերով, երկարաթեւ հագուստով եւ գլխարկով։
Տոքթ. Թոլէֆսըն նաեւ կը յանձնարարէ արեւապաշտպան քսուք գործածել մորթին բաց մնացած հատուածներուն վրայ։
«Այդ տարիքին, մենք ծնողներուն կը յանձնարարենք գործածել հանքային (ֆիզիքական) պաշտպանիչ բաղադրիչներ պարունակող արեւապաշտպաններ, ոչ թէ քիմիական պաշտպանիչներ պարունակողները, որովհետեւ անոնք աւելի յարմար են զգայուն մորթի համար», կ’ըսէ ան։
Փոքրիկին համար արեւապաշտպան ընտրելու ժամանակ ուշադրութիւն դարձուցէք, որ անիկա պարունակէ հետեւեալ բաղադրիչները՝
- «Թիթանիոմի երկօքսիտ» (titanium dioxide)
- «Զինքի օքսիտ» (zinc oxide)
Յիշեցէ՛ք արեւապաշտպան քսուքը դարձեալ գործածել ամէն երկու ժամը անգամ մը կամ անմիջապէս լողալէ կամ քրտնելէ ետք։

