Ֆիզիոլոկ Սայմըն Քորք Անգլիոյ Ռասքինի համալսարանէն եւ էնտոքրինոլոկ Հարշալ Տեշմուհ Հալլի (Մեծն Բրիտանիա) համալսարանէն յայտնած են, որ նիհարնալու համար նախատեսուած միջոցներու օգնութեամբ ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ պահելու փորձը ամանորեայ տօներուն կրնայ վտանգաւոր եւ անարդիւնաւէտ ըլլալ, տեղեկացուցած է «The Guardian»ը։
Բժիշկները կոչ ուղղած են Նոր տարիէն առաջ կամ տօներու ժամանակ չվստահիլ նիհարնալու համար նախատեսուած միջոցներուն (ինչպէս՝ օզեմբիք եւ վեկովին)։ Ատոնց «աքթիվ» նիւթը՝ «սեմակլութիտ»ը, յառաջ կը բերէ «կլիւքակոնատիպ-1» հորմոնը, որ կը յառաջանայ այն ժամանակ, երբ մարդ կուշտ է։ Այդ կը խթանէ «ինսուլին»ի արձակումը ենթաստամոքսային գեղձին մէջ, որ կը նուազեցնէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ։ Բացի ատկէ, նման դեղերու ստացումը կը նպաստէ մարսողութեան դանդաղեցման:
Որոշ մարդիկ կը դիմեն «օզեմպբիք»ի եւ «վեկով»ի օգտագործման, որպէսզի վերացնեն ամանորեայ շատակերութեան հետեւանքները։ Քորք նշած է, որ այդ դեղերու ստացումը չի կանխեր կշիռքի բարձրացումը անոնց մօտ, որոնք չափէն աւելի քալորիներ ստացած են տօներու ժամանակ։ Բացի ատկէ, ատոնք չեն օգներ, որպէսզի մարդ արագ կշիռք կորսնցնէ։ Ատոր փոխարէն կը յանձնարարուի հետեւիլ առողջ սննդականոնի եւ մարզանքներ կատարել։
Հարշալ Տեշմուհ նշած է նաեւ, որ արդիւնաւէտութեան հասնելու համար կը պահանջուի դեղի չափաբաժինի ճիշդ ընտրութիւն բժիշկի կողմէն։ Դեղերը կրնան յառաջացնել կողմնակի ազդեցութիւններ, ինչպէս՝ սիրտխառնուք, գլխապտոյտ, պնդութիւն եւ գլխացաւ։