2007 թուականին, Ալասքայի մայրաքաղաք Ճունոյի բնակիչները քուէարկած են խմելու ջուրին մէջ «ֆլորին»ի յաւելումը դադրեցնելու օգտին՝ վախնալով հասնելիք վնասէն: Էնքըրէյճի համալսարանի գիտնականները հետեւած են, թէ այդ ինչպիսի հետեւանքներու կը յանգեցնէ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMC Oral Health-ին մէջ:
Առաջին խումբը բաղկացած էր 853 հիւանդներէ, որոնք 2003 թուականին «քարիես»ի բուժում ստացած էին։ Անոնք կը գտնուէին «բարենպաստ պայմաններու մէջ», երբ խմելու ջուրը «ֆլորիտէյթ» կ՛ըլլար։ Երկրորդ խումբը՝ 1052 հիւանդ, «քարիես»ի բուժում ստացած էին 2012 թուականին «անբարենպաստ պայմաններու մէջ» («ֆլորիտէյթ» ըլլալը դադրեցնելէն հինգ տարի ետք)։
Հետազօտողները բացայայտած են, որ առաջին խումբի 6 տարեկանէն վար փոքրիկները միջին հաշուով կը բուժեն «քարիես»ը եւ ատոր հետեւանքները տարեկան 1,55 անգամ, մինչդեռ երկրորդ խումբին մէջ այդ ցուցանիշը բարձրացած է մինչեւ 2,52 անգամ: Այսինքն՝ «ֆլորիտէյթ» ընելը դադրեցնելէն ետք փոքրիկները տարին մէկ անգամ աւելի յաճախ գացած են ատամնաբոյժի մօտ։
«Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ առանց խմելու ջուրի եւ, հետեւաբար, բերանի եւ թուքի մէջ «ֆլորին»ի առաւելագոյն մակարդակի՝ ակռաները կրնան ձեւաւորուիլ աւելի տկար «էմալով եւ ի վիճակի չեն ըլլար վերականգնելու ոչնչացման կանուխ նշանները»,-բացատրած են հետազօտողները։
Արդիւնքները կը փաստեն, որ ջուրի «ֆլորիտէյթ» ըլլալը բուժիչ եւ կանխարգելիչ ազդեցութիւն ունի։