Օրական ցած չափաբաժինով, 160 միլիկրամ, «ասփիրին» առնելը կրկնակի իջեցուցած է քաղցկեղի կրկնութեան վտանգը հաստ աղիքի քաղցկեղ ունեցող հիւանդներու մէկ երրորդին մօտ՝ PI3K ծինի փոփոխութեամբ սահմանափակուած, յայտնած են գիտնականները 2025-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ստամոքս-աղիքային ուռուցքաբանութեան ամերիկեան ընկերութեան գիտաժողովին: Այս մասին գրուած է Journal of Clinical Oncology գիտական ամսագրին մէջ։
Հետազօտողները նշած են, որ PI3K փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան հաստ աղիքի քաղցկեղներու մօտաւորապէս 30 առ հարիւրի պարագային եւ անոնք կրնան հիւանդութիւնը դարձնել աւելի ճնշիչ ու դժուար բուժելի:
«Ասփիրինը արդիւնաւէտօրէն կը նուազեցնէ քաղցկեղի կրկնութեան ցուցանիշներու մակարդակը եւ կը բարելաւէ հիւանդութենէ զերծ գոյատեւումը այս հիւանդներու աւելի քան մէկ երրորդին մօտ»,- ըսած է Շուէտի Քարոլինսքա հիմնարկի վիրաբուժութեան փրոֆեսոր, առաջատար հետազօտող, տոքթոր Աննա Մարթլինկը:
Հետազօտութիւնը ներառած է աւելի քան 600 հիւանդ Շուէտէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն եւ Նորվեկիայէն՝ միջին կամ ուշ փուլի հաստ աղիքի կամ յետանցքային աղիքի քաղցկեղով:
Հիւանդները բաժնուած են երկու խումբի, որոնցմէ մէկը երեք տարի շարունակ կը ստանար «ասփիրին», իսկ միւսը՝ «փլասիպօ» (նիւթ մը, որ չունի բուժական արժէք):
Հետազօտողները բացայայտած են, որ PIK3CA փոփոխութեամբ հիւանդները, որոնք ամէն օր «ասփիրին» ստացած էին, քաղցկեղի կրկնութեան վտանգը 51 առ հարիւրով աւելի ցած էր (իսկ հիւանդութեան կրկնութեան ցուցանիշներու մակարդակը՝ 7,7 առ հարիւր), քան անոնք, որոնք «փլասիպօ» ստացած էին, իսկ կրկնութեան մակարդակը մօտաւորապէս 14,1 առ հարիւր էր: