Գիտնականներ պարզած են, որ «ինթենսիվ այերոպիք» վարժութիւնները կրնան նուազեցնել «մեթասթաթիք» քաղցկեղի յառաջացման վտանգը: Թել Աւիվի համալսարանի գիտնականներուն կատարած հետազօտութիւնը հրապարակուած է Cancer Research ամսագրին մէջ:
Քաղցկեղի համաճարակաբանական ուսումնասիրութեան ժամանակ գիտնականները մօտաւորապէս 20 տարի հետեւած են 3000 մարդու: «Մեթասթաթիք» քաղցկեղի զարգացման վտանգը 72 առ հարիւրով ցած եղած է այն մարդոց մօտ, որոնք պարբերաբար բարձր «ինթենսիվութեամբ այերոպիք» վարժութիւններ կատարած են:
Մուկերու վրայ կատարուած փորձը հետազօտողներուն արտօնած է որոշել «մեթասթաթիք» քաղցկեղի վտանգի նուազեցման հիմնական մեքանիզմը։ Երբ գիտնականները արհեստականօրէն քաղցկեղ յառաջացուցած են մուկերու մօտ, անիկա հազուադէպ «մեթասթաթիք» բնոյթ կրած է եւ պայմանաւորուած եղած է անով, որ կենդանիներու վարժեցման շնորհիւ ներքին օրկաններու կողմէ «կլիւքոզ»ի սպառումը աւելցած է։ Շաքարը նոյնպէս անհրաժեշտ է ուռուցքներու համար եւ օրկաններու կողմէ ատոր ընդունումը նուազեցուցած է ուռուցքային բջիջներու համար «էներճի»ի հասանելիութիւնը:
Պարբերաբար ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան շնորհիւ այս վիճակը դարձած է մշտական եւ ուղեկցուած է ներքին օրկաններու հիւսուածքներու փոփոխութեամբ։
Գիտնականները աւելցուցած են, որ եթէ ճարպերը այրելու համար սրտի աշխատանքի առաւելագոյն յաճախականութիւնը կը կազմէ սրտի առաւելագոյնի 65-էն 70%-ը (կախեալ տարիքէն), ապա ներքին օրկաններու կողմէ «կլիւքոզ»ի կլանման համար անհրաժեշտ է 80-էն 85%-ը։ Միաժամանակ բաւարար են կարճ ընդմիջումները, ինչպէս օրինակ՝ մէկ վայրկեան արագ վազք, յետոյ քալել եւ դարձեալ մէկ վայրկեան արագ վազք։ Այս մօտեցումը յայտնի է որպէս «բարձր ինթենսիվութեան ինթըրվըլային մարզում»:
Իրականութեան մէջ, ֆիզիքական վարժութիւնները աւելի արդիւնաւէտ են քաղցկեղի կանխարգիլման համար, քան որեւէ դեղ կամ բժշկական միջամտութիւն: