Եթէ ձեր սնունդը կապուի ստուարաթուղթի կամ թուղթի հետ, այդ մէկը կրնայ քորոնա ժահրային վարակի ախտանիշ ըլլալ:
Քորոնա ժահրը կրնայ այլազան ախտանիշներ յառաջացնել: Ախտանիշներու ցուցակը այսօր արդէն բաւական տպաւորիչ է: Որոշ ախտանիշներու շատ յաճախ կը հանդիպինք, միւսներուն` աւելի հազուադէպ: Քիչ մարդիկ կը խօսին այս ախտանիշին մասին, բայց մասնագէտներու խօսքով՝ քորոնա ժահրի հաստատուած վարակով շատ հիւանդներ յայտնած են, որ սնունդը իրենց համար թուղթի կամ ստուարաթուղթի համ ունեցած է:
Մասնագէտները նշած են, որ համային զգացողութիւններու փոփոխութիւնը, որ կը վկայէ քորոնա ժահրի վարակին մասին, նոյնպէս կրնայ տարբեր ըլլալ իր դրսեւորումներով: Որոշ հիւանդներ ընդհանրապէս կը կորսնցնեն ախորժակը եւ հետաքրքրութիւնը սնունդի հանդէպ, միւսները կը հանդիպին «փարոսմիա»-ի, որուն ընթացքին սնունդը անսպասելիօրէն ձեռք կը բերէ իրեն ոչ յատուկ համեր, սովորաբար՝ տհաճ:
Սակայն հիւանդներու մեծ մասին սնունդը, ըստ էութեան, համէն եւ հոտէն զուրկ կը թուի ըլլալ՝ յիշեցնելով թուղթ կամ ստուարաթուղթ:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ժահրը կ՛ազդէ համի ու հոտի ընկալիչներու վրայ: Annals of Internal Medicine ամսագիրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն, քորոնա ժահրը կը ներթափանցէ մարդու օրկանիզմ՝ կապուելով «անկիոթենզին» կոչուող՝ «ֆերմենթ» երկու (ACE-2) փոխակերպող սպիտակուցի հետ: Այս սպիտակուցը առկայ է սիրտի, թոքերու, աղիքներու բջիջներու մակերեւոյթին, բայց կրնայ նաեւ բնակիլ կոկորդին եւ քթանցքերուն մէջ. կրնայ ըլլալ, որ համային եւ հոտային զգացողութիւններու փոփոխութիւնները ատոր հետ կապուած ըլլան:
Ինչպէ՞ս դուք ձեզ ստուգէք
- Հոտառութեան «թեսթ»՝ փորձեցէք հոտ քաշել զօրաւոր բնորոշ հոտով սննդամթերքէն՝ սուրճի հատիկներ, կասիա, թարմ սխտոր
- Համային «թեսթ»՝ փորձեցէք այլ համով ուտելիքներ՝ տուրմ, «սիթրըս», «սոս»:
Եթէ նկատէք որոշ ուտելիքի յստակ համի եւ հոտի հետ կապուած խնդիրներ, այդ մէկը կրնայ վկայել քորոնա ժահրի վարակի մասին: