Չինաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուղեղի գործողութիւն մը կատարած են, որուն ընթացքին, վիրաբուժը եղած է հիւանդէն երեք հազար քմ. հեռաւորութեան վրայ:
China Global Television Network-ը յայտնած է, որ գործողութիւնը կատարուած է, Սանիա քաղաքին մէջ:
Վիրաբուժ Լինկ Ժիպէյ վիրահատարանին մէջ տեղադրուած էքրաններուն միացած է եւ ուղեղին մէջ տեղադրած է յատուկ «չիփ» մը, որ կ՛օգտագործուի Փարքինսըն հիւանդութենէն տառապող անձի մը վիճակը որոշելու համար: Գործողութիւնը երկարած է մօտաւորապէս երեք ժամ: Լինկ Ժիպէյ գործընթացը ղեկավարած է բջիջային հեռաձայնով՝ օգտուելով համացանցէն:
«5G ցանցը թոյլ կու տայ խուսափելու պատկերներու ուշ յայտնուելէն, որ ի յայտ կու գայ 4G-ով աշխատելու պարագային», ըսած է վիրաբուժը: Գործողութենէն ետք, հիւանդը, որուն անունը չէ հրապարակուած, արագ ուշքի եկած է եւ ըսած, որ ինքզինք լաւ կը զգայ:
Նշենք, որ Փարքինսըն հիւանդութիւնը դանդաղ զարգացող ջղային դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ ջղաբջիջներու քայքայման եւ փճացման պատճառով: Հիւանդին ուղեղին յարմարող չիփը թոյլ կու տայ կառավարելու եւ ճնշելու հիւանդութեան բացասական ախտանշանները: