«Քորոնա» ժահրի համավարակի սկիզբը, մասնագէտները չէին յանձնարարեր «ասբիրին» ստանալը, բայց վերջերս, Մերիլենտի համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները պարզած են, որ «ասբիրին»-ը կրնայ օգտակար ըլլալ COVID-19-էն տառապող հիւանդներու ծիրին մէջ մահացութեան մակարդակի նուազումին եւ հիւանդութեան ծանր ախտանիշներու դէմ: Նոր հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Anesthesia and Analgesia ամսագիրին մէջ:
Հետազօտութեան մասնակցած են տարբեր ծանրութեան COVID-19-ով 412 բուժուած հիւանդ: 314 մարդ «ասբիրին» չէ ստացած, իսկ մնացեալ 98-ն այն ստացած են հիւանդանոց տեղափոխուելէն ետք 24 ժամուան ընթացքին կամ բուժուելէն 7 օր առաջ: Գիտնականները վերլուծած են, թէ ինչպէս «ասբիրին»-ը ազդած է թոքերու արուեստական օդափոխութեան (ԹԱՕ) միանալու անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` վերակենդանացման բաժանմունք ընդունուելու եւ մահացութեան վրայ:
Պարզուած է, որ «ասբիրին» օգտագործած հիւանդներու խումբին մէջ 35.7 առ հարիւրը արուեստականա օդափոխութեան կարիք ունեցած է` այս դեղը չստացողներու 48.4 առ հարիւրի համեմատ: Աւելին, «ասբիրին»-ը 12.2 առ հարիւրով նուազեցուցած է «ինթենսիվ թերափի»-ի անհրաժեշտութեան վտանգը: Արտաքին գործօնները հաշուի առնելէ ետք, հետազօտողները պարզած են կապը «ասբիրին»-ի օգտագործման եւ ծանր ախտանիշներու զարգացման հաւանականութեան եւ հիւանդանոցին մէջ մահացութեան միջեւ:
Գիտնականներու խօսքով` «ասբիրին»-ի օգտագործման եւ «քորոնա» ժահրէն թոքերու վնասուածութեան եւ մահացութեան միջեւ պատճառահետեւանքային կապը պարզելու համար, անհրաժեշտ է պատահականացուած վերահսկուող հետազօտութիւն կատարել: