Վիեննայի բժշկական համալսարանի գիտնականները ստեղծած են յաւելուած մը, որուն օգնութեամբ կարելի է ախտորոշել մաշկի քաղցկեղը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հապարակուած են «The Lancet»ին մէջ։
Յաւելուածը կ՛աշխատի արհեստական բանականութեան հիման վրայ։ Անիկա կ՛ուսումնասիրէ խալերու եւ մաշկի բիծերու պատկերները՝ փորձելով բացայայտել, թէ արդեօք այդ տարրերը չարորակ գոյացութիւննե՞ր են, թէ՝ ո՛չ։
Հետազօտական խումբը փորձած է յաւելուածը «քլինիք»ային պայմաններու մէջ, մաշկի քաղցկեղի դէմ պայքարի երկու կեդրոններու մէջ։ Փորձի ընթացքին ծրագիրը ուսումնասիրած է աւելի քան վեց հազար պատկեր։
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ փորձառու մաշկաբանները մաշկի քաղցկեղը աւելի ճշգրիտ կ՛որոշեն, քան նոր յաւելուածը։ Այնուամենայնիւ, ծրագիրը կրցած է բացայայտել չարորակ գոյացութիւնները սկսնակ բժիշկէ մը ոչ աւելի վատ։ Գիտնականնները նշած են, որ արհեստական բանականութեան հիման վրայ աշխատող յաւելուածը կը գործէ նոյն «ալկորիթմ»ով, ինչ որ փորձագէտները կը կատարեն հիւանդները քննելու ժամանակ եւ ճիշդ ախտորոշիչ որոշումներ կը կայացնէ։
Հետազօտութեան հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ յաւելուածը կարելի կ՛ըլլայ օգտագործել որպէս նախնական ախտորոշման գործիք։ Այնուամենայնիւ, նման հետազօտութեան արդիւնքները պէտք է հաստատէ մաշկաբանը։