Գիտնականները հերքած են այն առասպելը, որ ուշ ընթրիքը վնասակար է առողջութեան։ Լոնտոնի Թագաւորական քոլէճի գիտնականներու նոր հետազօտութեան մասին տեղեկացուցած է DailyMailը։
Կարծիք կայ, որ ուշ ժամուն ուտելը բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ. օրինակ՝ կշիռքը կ՛աւելնայ, կը յառաջանայ անքնութիւն, ծերութիւնը արագ կը սկսի եւ տեղի կ՛ունենան այլ բարդութիւններ։ Բայց բացայայտուած է, որ այնքան ալ ճիշդ չէ։
«Կարելի է ընթրիքը աւարտել նաեւ 21.30-ին։ Գլխաւորը ուշ նախաճաշելն է, շատ լաւ է 11.30-ը։ Այդ մէկը կարեւոր է՝ անօթութեան 14-ժամեայ փուլին դիմանալու համար, որ, ինչպէս ցոյց կու տան բազմաթիւ հետազօտութիւններու տուեալները, օգտակար է նիւթափոխանակութեան համար»,- նշած են գիտնականները։
Մասնագէտները աշխատանքի շրջանակին մէջ ուսումնասիրած են 80 հազար բրիտանացիներու տուեալները։ Ատոնք ընդգրկած են տեղեկութիւն սննդային սովորութիւններու, ուտելու ժամանակին եւ կամաւորներու առողջութեան մասին։ Գիտնականները նաեւ ունեցած են տուեալներ մարդոց ինքնազգացողութեան մասին, որ անոնք գնահատած են ինքնուրոյն։
Մասնակիցները նշած են, որ աւելի բարձր «էնըրճի» ունեցած են, երբ ուշ ընթրած են եւ հետեւած են անօթութեան 14-ժամեայ փուլին։ Գիտնականները նաեւ կապ չեն յայտնաբերած ուշ ժամուն ուտելու եւ տարբեր հիւանդութիւններու միջեւ։
«Մեր աղիքներու «միքրոպ»ները, մեզի նման, «սիրքէտիըն ռիթմ»եր (ներքին բնական գործընթացը, որ կը կանոնաւորէ քնանալու-արթննալու ընթացքը) ունին, եւ անոնք պէտք է հանգստանան ուտելիքէն։ Մարդիկ յաճախ ուշ կ՛ուտեն աշխատանքի եւ փոքրիկներու պատճառով, եւ անոնք պէտք չէ մեղաւոր զգան ատոր համար։ Կարեւոր է բան մը ուտել գիշերը, փորձել շուտ չնախաճաշել եւ չքնանալ ընթրիքէն ետք երկու ժամուան ընթացքին։ Այդ ժամանակ առողջութեան հետ կապուած՝ ամէն բան հիանալի կ՛ըլլայ»,- նշած են հետազօտողները։