Գիտնականները մօտեցած են պատասխանելու նեարդաբանութեան ամենադժուար հարցումներէն մէկուն՝ ինչո՞ւ կաթուածէն ետք ուղեղի վնասուածքը կը շարունակէ տարածուիլ ժամերով եւ նոյնիսկ օրերով՝ սկզբնական պատահարէն ետք։
Cell Metabolism հանդէսին մէջ հրատարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ անոր մէջ զգալի դեր կը խաղայ ոչ միայն թթուածինի սկզբնական պակասը, այլ նաեւ՝ ուղեղին հետագայ քայքայիչ արձագանգը։
Կաթուածի ժամանակ ուղեղին մէկ մասը կը զրկուի արիւնի մատակարարումէն, եւ նեարդային բջիջները արագ կը սկսին մահանալ։ Սակայն, ինչպէս հետազօտողները կը բացատրեն, արիւնի հոսքի վերականգնումէն ետք վնասուածքներու երկրորդ ալիք մը կը սկսի։ Ուղեղի դիմադրողական համակարգի բջիջները, հիմնականօրէն «միքրոկլիա»ները, կը հրահրեն բորբոքային արձագանգ մը՝ մեծ քանակութեամբ բորբոքային «մոլեքիւլ»ներ, որոնք կը վնասեն շրջապատող, տակաւին կենդանի հիւսուածքը։
Գիտնականները այս գործընթացը կը բաղդատեն այնպիսի կրակի մը հետ, որ կը շարունակէ տարածուիլ նոյնիսկ սկզբնական պայթումի աւարտէն ետք։ Մարմինը կը փորձէ պաշտպանել ուղեղը, սակայն անոր սեփական պաշտպանական համակարգը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէն։ Յատկապէս վտանգաւոր է արիւն–ուղեղ պատնէշին քայքայումը՝ ուղեղի բնական պաշտպանութիւնը վնասակար նիւթերու եւ արիւնի մէջ գտնուող դիմադրողական բջիջներու դէմ։ Երբ այս պատնէշը վնասուի, բորբոքումը կը սաստկանայ։
Միեւնոյն ժամանակ, ուղեղը կը փորձէ փոխհատուցել այս կորուստները «նիւրոփլասթիսիթէ»ի միջոցով՝ նեարդային բջիջներու միջեւ կապերը վերակառուցելու կարողութիւնը։ Նոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ուղեղի անվնաս հատուածները բառացիօրէն կրնան փոխել իրենց կառուցուածքը եւ ստանձնել վնասուած գօտիներու որոշ գործառոյթները։ Երբեմն այդ հատուածները կենսաբանական յատկանիշներով նոյնիսկ աւելի «երիտասարդ» տեսք կ՛ունենան, կարծես ուղեղը կը գործարկէ արտակարգ վերանորոգման «րեժիմ» մը։
Սակայն «նիւրոփլասթիսիթէ»ն նաեւ ունի իր բացասական կողմը․ որոշ փոխհատուցողական փոփոխութիւններ կրնան անարդիւնաւէտ կամ նոյնիսկ վնասակար ըլլալ։
Գիտնականները այս երեւոյթը կը կոչեն ուղեղի «սխալ վերակազմաւորում»․ հիւանդները կը սկսին ապաւինիլ այլընտրանքային ուղիներու, որոնք կրնան խոչընդոտել շարժման, խօսքի կամ յիշողութեան լիարժէք վերականգնումը։ Ահա թէ ինչու կարգ մը անհատներ կը շարունակեն գործառոյթներու կորուստ ունենալ նոյնիսկ կաթուածէն ամիսներ անց։
Այս փուլին առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ բորբոքման եւ ուղեղի վերականգնման մէջ նպատակային միջամտութեան գաղափարը։ Հետազօտողները կը փորձարկեն «նանօ»- նիւթեր, վնասակար բորբոքային ազդակները արգելափակող դեղեր, ինչպէս նաեւ ցօղունային բջիջներով բուժումներ։ Որոշ փորձարարական մօտեցումներ արդէն իսկ ցոյց տուած են ուղեղի երկրորդային վնասուածքը նուազեցնելու եւ նոյնիսկ որոշ կորսուած գործառոյթներ վերականգնելու կարողութիւն՝ կենդանական «մոտել»ներու մէջ։
Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ կաթուածը եզակի դէպք մը չէ, այլ՝ բարդ եւ երկարատեւ կենսաբանական գործընթաց։ Որքան աւելի հետազօտողները կ՛ուսումնասիրեն ուղեղը կաթուածէն ետք, այնքան աւելի յստակ կը դառնայ, որ նեարդաբջիջները պահպանելու պայքարը կը շարունակուի շատ աւելի երկար՝ հիւանդին վերակենդանացման բաժինէն դուրս գալէն ետք։

