Աւստրալիոյ ազգային համալսարանի (ANU) նոր հետազօտութեան համաձայն՝ աղիքներու քաղցկեղը կարելի է «մէնիփիւլէյթ» ընել դիմադրողական համակարգի սպիտակուցի միջոցով բուժելու ժամանակ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Science Advances» ամսագրին մէջ։
Աղիքներու քաղցկեղը Աւստրալիոյ մէջ ամէն շաբաթ կը խլէ աւելի քան 100 կեանք, բայց դէպքերու մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը կարելի է յաջողապէս բուժել, եթէ յայտնաբերուի կանուխ փուլին։
Հետազօտութեան յառաջատար հեղինակ, տոքթոր Ապհիմանում Փանտէյի խօսքով՝ սպիտակուցը, որ յայտնի է որպէս Ku70, կրնայ աշխուժացուիլ կամ «ներառուիլ» նոր եւ արդէն գոյութիւն ունեցող դեղերու համադրումի օգնութեամբ։
«Աքթիվացուած վիճակին սպիտակուցը կը գործէ որպէս դիտարկման համակարգ՝ յայտնաբերելով DNAի վնասման նշանները մեր բջիջներուն մէջ»,- ընդգծած է տոքթոր Փանտէյ։
«Մեր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ku70-ը կրնայ «սառեցնել» քաղցկեղի բջիջները եւ պաշտպանել վնասուած DNAը։ Սպիտակուցը չ՛արտօներ քաղցկեղի բջիջներուն, որպէսզի դառնան աւելի «ակրեսիվ» եւ տարածուին օրկանիզմին մէջ, ըստ էութեան՝ ապաաքթիվացնելով զանոնք եւ պահելով քնացած վիճակի մէջ»,- աւելցուցած է գիտնականը։
Աղիքներու քաղցկեղը չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Աւստրալիոյ մէջ ախտորոշումները նկատի ունենալով։ Ըստ գնահատականներու՝ 85 տարեկանին աղիքներու քաղցկեղ կ՛ախտորոշուի իւրաքանչիւր 20-րդ բնակիչի մօտ։
Աղիքներու քաղցկեղի «սքրինինկ»ի ազգային ծրագրի ծիրին մէջ 50-74 տարեկան աւստրալիացիները տարին երկու անգամ անվճար աղիքներու ստուգում կը կատարեն՝ արդիւնաւէտ միջոց, որ կը նպաստէ քաղցկեղի կանուխ յայտնաբերման եւ բուժման։
Փրոֆեսոր Զի Մինկ Մէն յայտնած է, որ ապագային աղիքներու քաղցկեղի «սքրինինկ»ի մեթոտները կրնան ներառել Ku70 մակարդակի ստուգումը նախաքաղցկեղային «փոլիփ»ներու մէջ (ապառողջ հիւսուածքներ հաստ աղիքին մէջ), քանի տակաւին ատոնք չեն վերածուած քաղցկեղի։
«Մեր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ku70-ը լաւ դիմադրողական «պայոմարքըր» է, այսինքն՝ կ՛օգնէ մեզի կանխատեսելու, թէ ո՞վ աւելի լաւ կամ վատ պիտի տանի աղիքներու քաղցկեղի ախտորոշումը»,- նշած է փրոֆեսոր Մէն։