Գերմանացի գիտնականները պարզած են, որ բերանի խոռոչը ողողելու համար, հեղուկի օգտագործումը կրնայ նուազեցնել «քորոնա» ժահրի փոխանցումի վտանգը, նշուած է գերմանական Ռուրի համալսարանի կայքին վրայ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը կատարած են Պոխումի Ռուրի համալսարանի «մոլեքուլային» եւ բժշկական վարակաբանութեան հետազօտական խումբի գիտնականները՝ Յենի, Ուլմա Տույսպուրկ Էսենի՝ Նիւրենպըրկի եւ Պրեմենի գիտնականներու հետ միասին: Փորձերու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Sars-Cov-2 ժահրի բջիջները բերանի խոռոչը հեղուկներով ողողելու պարագային, «դուրս կու գան շարքէն», գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: