Ֆրանսական BioSerenity ընկերութեան մասնագէտները պաշտպանիչ դիմակ մը պատրաստած են, որ կ՛ոչնչացնէ քորոնա ժահրը, յայտնած է BFMTV-ն:
Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարք Ֆրուին յայտնած է, որ այս դիմակը «ժահրերը արգելափակելու» ունակութիւն ունի: Դիմակը բաղկացած է 4 շերտէ, որոնցմէ մէկը «հակապաքթիրիըլ» եւ հակաժահրային յատկութիւններ ունի: Դիմակը մէկ անգամ օգտագործելու համար է, եւ կը յանձնարարուի զայն կրել ոչ աւելի, քան 4 ժամ:
Փետրուար 16-էն սկսեալ, դիմակը կը վաճառուի Ֆրանսայի մէջ. գինը 1.49 եւրօ է: Դիմակը պատրաստողները կը նախատեսեն նաեւ վկայագիր ապահովել դիմակի վիրաբուժական տարբերակին համար, որպէսզի ուղարկեն բժշկական մարզի աշխատակիցներուն: