Դողը կը պատահի, երբ մարմնի մկանները կը կծկուին եւ կը հանգստանան՝ փորձելով կարգաւորել ներքին ջերմաստիճանը: Մինչ այդ մէկը յաճախ տեղի կ՛ունենայ ցուրտի պատճառով, սակայն կրնայ նաեւ վարակի կամ հիւանդութեան դէմ դիմադրողական համակարգի պայքարելու արձագանգ ըլլալ:
Առանց տաքութեան դողի յառաջացումը կրնայ քանի մը պատճառ ունենալ, ինչպէս՝ «անիմիա»-ն, «էլըրճի»-ն, մարսողական համակարգի հիւանդութիւնները, երիկամներուն մէջ քարերու առկայութիւնը կամ վահանաձեւ գեղձի անբաւարար աշխուժութիւնը, ըսած է RIA Novosti-ն։ Այս վիճակին յաճախ կ՛ընկերանայ դողը եւ փշաքաղութիւնը։
Դողը ախտանշան է, որ կրնայ տեղեկացնել տարբեր հիւանդութիւններու մասին։ Հաւանական պատճառներ կը ներառեն շնչուղիներու վարակիչ հիւանդութիւնները, «պաքթիրիըլ էնտոքարտայդիս»-ը, մարսողական համակարգի խանգարումները, վերին եւ ստորին միզուղիներու հիւանդութիւնները: Հարբուխը, ժահրերը եւ վարակները միշտ ջերմաստիճանի բարձրացում չեն յառաջացներ։ Այդ իսկ պատճառով, անսպասելի եւ կրկնուող դողի պարագային պէտք է դիմել բժշկական օգնութեան։ Յատկապէս, եթէ այլ ախտանշաններ միանան, ինչպէս՝ տկարութիւն, գլխացաւ, սիրտխառնուք։
Այլ հաւանական պատճառներ կը ներառեն.
Էնտոքրին համակարգի հիւանդութիւններ
«Հայփըրթէնսիվ քրայսիզ»
Թոքախտ
Մալարիա
«Էլըրճիք րիէքշըն»
Ցրտահարութիւն
«Անիմիա»
Քորոնաժահր
«Սթրես»
Դողը առաջին կարգին ախտանշան է, այլ ոչ թէ հիւանդութիւն, ուստի բուժումը կախեալ է պատճառէն: Եթէ դողը յառաջանայ մեղմ վարակի պատճառով, ապա անհրաժեշտ է տնային բուժում՝ անկողնային հանգիստով եւ շատ հեղուկ խմելով: Կարեւոր է նաեւ ինքզինք տաք պահելը: Եթէ ցուրտի զգացողութիւնը կապուած է վարակիչ հիւանդութեան հետ, ապա կրնան զարգանալ օրկանիզմի թունաւորման հետ կապուած ախտանշաններ։ Այդ պարագային անհրաժեշտ է դիմել բժիշկի օգնութեան: Անիկա կրնայ վկայել այն հիւանդութիւններու մասին, որոնք չբուժուելու պարագային կրնան յանգեցնել լուրջ բարդութիւններու, ներառեալ՝ քոմայի եւ օրկանի աշխատանքի կանգնումի:
Դողը կարելի է կանխել՝ ինքզինք տաք պահելով, այսինքն տաքցնող հագուստներ կրելով։ Լաւագոյնը բազմաշերտ հագուստ ընտրելն է՝ մարմնի ջերմաստիճանը կանոնաւորելու համար: Զօրաւոր քրտնարտադրութիւնը, ապա պաղի ենթարկուիլը, պատճառ կը դառնայ, որ մարմինը կորսնցնէ տաքութիւնը պահպանելու իր կարողութիւնը:
Կարեւոր է հրաժարիլ վատ սովորութիւններէն։ Շաքարախտի առկայութեան պարագային պէտք է անընդհատ վերահսկել արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ այլ քրոնիկ հիւանդութիւններու, որոնց շարունակական վերահսկումը անհրաժեշտ է։
Եթէ դողը սկսի յանկարծակի կերպով, տաք տուրմ, սուրճ կամ թէյ խմելը կրնայ օգնել, որպէսզի մարմնին ներքին ջերմաստիճանը բարձրանայ: Այնուամենայնիւ, եթէ դողի պատճառը վարակն է կամ այլ առողջական խնդիր, ապա միայն կանխարգիլումը բաւարար չէ, պէտք է լուծել դող յառաջացնող պատճառը: