Սրտի կանգային անբաւարարութիւնը (ՍԿԱ, cardiac arrest) այդքան ալ տարածուած չէ, բայց շատ վտանգաւոր հիւանդութիւն է: Հիւանդներու կէսը կը մահանան ախտորոշումէն ետք 5 տարուան ընթացքին, եւ միայն մօտաւորապէս 30 առ հարիւրը հիւանդութեամբ կ՛ապրի աւելի քան 10 տարի:
Սրտի կանգային անբաւարարութիւնը կը զարգանայ, երբ սրտի փորոքներու խցիկները չեն կրնար արիւնը մղել նախկին ձեւով: Սովորաբար, այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ սրտի մկաններու առաձգականութեան կորուստի կամ ուղեկցող հիւանդութեան պատճառով:
Չնայած հեւոցը եւ սրտի կծկումներու յաճախականութեան փոփոխութիւնը ՍԿԱ-ի ամէնէն տարածուած ախտանիշները կը նկատուին՝ կայ շատ աւելի քիչ յայտնի ախտանիշ՝ եղունգներու փոփոխութիւնը: Խօսքը վիճակի մը մասին է, որ յայտնի է որպէս «Թերի»-ի եղունգներ: Եղունգին մեծ մասը կը դառնայ գունատ սպիտակ, իսկ ծայրը վարդագոյն շերտ կը յայտնուի:
Indian Journal of Dermatology ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան համաձայն՝ եղունգներու գունաթափումը կրնայ յառաջանալ արեան մատակարարման նուազումի հետեւանքով սրտի կողմէ արդիւնաւէտօրէն արիւն մղելու անկարողութեան, ինչպէս նաեւ շարակցական հիւսուածքի գերաճի պարագային: Հետեւաբար, մասնագէտները կը յանձնարարեն չանտեսել եղունգներու հետ կապուած խնդիրները եւ որեւէ տարօրինակութիւն նկատելու պարագային, խորհրդակցիլ մասնագէտներու հետ: