Ծխելը, ալքոլ օգտագործելը եւ ֆիզիքապէս աշխոյժ չըլլալը կրնան բացասաբար ազդել ձեր մտքին եւ մարմնին վրայ նոյնիսկ 30 տարեկանէն սկսեալ։ Այս մասին անդրադարձած կատարուած է Annals of Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութեան մէջ:
Գիտնականներ ուսումնասիրած են այս երեք յատուկ սովորութիւններու ազդեցութիւնները եւ ի յայտ բերած են, որ անոնք կրնան վնասակար ըլլալ առողջութեան՝ սկսելով 30 տարեկանէն:
Ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար անոնք հետեւած են 1959-ին Ֆինլանտայի մէջ ծնած 300-էն աւելի փոքրիկներու, հաւաքելով տուալներ անոնց ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան մասին մինչեւ 61 տարեկան հասնիլը։ Մասնակիցները, որոնք ցոյց տուած են բոլոր երեք սովորութիւնները՝ ծխելը, ալքոլ օգտագործելը եւ ֆիզիքապէս ոչ աշխոյժ ըլլալը, ունեցած են ընկճախտի եւ այլ առողջական խնդիրներ զարգացնելու բարձր վտանգ։ Արդիւնքներուն համաձայն, ազդեցութիւնները երեւան եկած են 30 տարեկանին։
Ֆիզիքական աշխուժութեան պակասը կը կապուէր վատ ֆիզիքական առողջութեան հետ, ծխելը՝ վատ հոգեկան առողջութեան, իսկ ալքոլի չարաշահումը՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան առողջութեան խնդիրներու հետ:
Հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ արդիւնքները կ՛ընդգծեն առողջութեան սպառնացող եւ վտանգ ներկայացնող վարքագիծերը կանուխ փուլին լուծելու կարեւորութիւնը՝ կանխելու համար անոնց պատճառած վնասի կուտակումը տարիներու ընթացքին:
Այնուամենայնիւ, գիտնականները կը շեշտեն, որ երբեք ուշ չէ առողջ սովորութիւններ ձեռք ձգելը եւ նոյնիսկ միջին տարիքին կատարուած փոփոխութիւնները կրնան մեծ առաւելութիւններ ունենալ: