Մարդկային գործունէութեամբ պայմանաւորուած կլիմայական փոփոխութիւնը արդէն իսկ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տաքութեան ալիքները դարձուցած է աւելի յաճախակի եւ սաստիկ։
Եղանակային երեւոյթներուն վրայ երկրագունդի տաքացման ազդեցութիւնը ուսումնասիրող գիտնականները կ’ըսեն, թէ մեր օրերուն արձանագրուող իւրաքանչիւր տաքութեան ալիք իր վրայ կը կրէ կլիմայական ճգնաժամին հետքերը։
Կլիմայական փոփոխութիւնը, որուն հիմնական պատճառը մարդոց կողմէ հանածոյ վառելանիւթերու այրումն է, ընդհանրապէս կը սաստկացնէ աշխարհի ծայրայեղ եղանակային երեւոյթները, սակայն այդ փոփոխութիւններուն մեծ մասը կապուած է տաքին հետ։
Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի ձեր մարմնին՝ ծայրայեղ տաքութեան պայմաններուն մէջ, ի՛նչ նշաններու պէտք է ուշադրութիւն դարձնէք եւ ինչպէ՛ս կրնաք ապահով մնալ։
Ի՞նչ կը պատահի ձեր մարմնին
Սովորաբար ձեր մարմինը վարժուած է որոշ ջերմաստիճանի, որ սովորաբար կը տատանի մօտաւորապէս 36.1–37.2°C-ի (97-էն մինչեւ 99 աստիճան Ֆարենհայթ) միջեւ։ Երբ ձեր ուղեղը կը զգայ, որ այդ ջերմաստիճանը նուազած կամ բարձրացած է, կը փորձէ օգնել մարմնին՝ կամ պաղելու եւ կամ տաքնալու։
Այս մասին կը բացատրէ բժիշկ Ճուտիթ Լինտընը, որ Պոսթընի բժշկական կեդրոնի շտապ օգնութեան բաժանմունքին գործադիր փոխնախագահն է, ինչպէս նաեւ՝ Պոսթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի շտապ օգնութեան բաժանմունքի դասախօս։
«Ուղեղը տարբեր միջոցներով կը փորձէ մարմինը պաղեցնել։ Ամենէն ծանօթ եւ ընդհանրացած միջոցը քրտնիլն է», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։ «Մորթին ծակտիկները կը բացուին, մարմինը կը քրտնի, իսկ երբ քրտինքը կը շոգիանայ, մարմինը կը պաղի»։
Մարմինը ինքզինք պաղեցնելու երկրորդ միջոցը արիւնատար անօթներուն ընդլայնումն ու սրտի բաբախումներուն արագացումն է։ Այս գործընթացը կ’օգնէ, որ արիւնը եւ տաքութիւնը հասնին մարմնին մակերեսը, որպէսզի աւելորդ տաքութիւնը աւելի դիւրութեամբ դուրս հանուի։
Երբ բարձր ջերմաստիճաններու կ’ենթարկուիք, ձեր մարմնին համար աւելի դժուար կը դառնայ ինքզինք բաւարար չափով պաղ պահելը։ Իսկ եթէ շրջապատը միաժամանակ տաք եւ խոնաւ է, քրտինքը այդքան ալ դիւրութեամբ չի շոգիանար, ինչ որ մարմնի ջերմաստիճանը կրնայ աւելի բարձրացնել՝ ըստ Mayo Clinic-ին։
«Որքան խոնաւութիւնը բարձր ըլլայ, այնքան աւելի ցած ջերմաստիճանները եւս կրնան ծայրայեղ տաք յառաջացնել», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։
Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոններուն (CDC) համաձայն՝ մարմնի բարձր ջերմաստիճանը կրնայ վնաս հասցնել ուղեղին եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող այլ օրկաններու։ Անիկա կրնայ նաեւ յանգեցնել տաքին հետ կապուած տարբեր հիւանդութիւններու։
Տաքին հետ կապուած հիւանդութիւններու տեսակները
Բժիշկ Լինտընին համաձայն՝ տաքին հետ կապուած թեթեւ հիւանդութիւնները, ներառեալ ջերմային կծկումները (heat cramps), ամենէն յաճախ պատահողներն են։ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոններուն (CDC) համաձայն՝ ջերմային կծկումները կրնան զարգանալ այն անձերուն մօտ, որոնք առատօրէն կը քրտնին, ներառեալ մարզանքի ընթացքին։ Չափազանց քրտնարտադրութիւնը կը սպառէ մարմնի աղն ու հեղուկները, ինչ որ կրնայ յանգեցնել մկանային ցաւերու կամ կծկումներու՝ յատկապէս որովայնին, բազուկներուն կամ ոտքերուն մէջ։
Կրնայ նաեւ զարգանալ ջերմային ցան (heat rash) ։ Ըստ CDC-ն՝ անիկա մորթի գրգռում մըն է, որ կը յառաջանայ տաք եւ խոնաւ եղանակին չափազանց քրտնելուն պատճառով եւ ամենէն յաճախ կը պատահի փոքրիկներուն մօտ։ Սովորաբար անիկա կ’երեւի որպէս կարմիր բշտիկներու կամ փոքր պղպջակներու խումբ մը եւ աւելի յաճախ կը յայտնուի վիզին, կրծքավանդակի վերին մասին կամ արմուկին ծալքերուն մէջ։
Երբ ձեր մարմինը այլեւս չի կրնար բաւարար չափով ինքզինք պաղեցնել, կրնայ զարգանալ այն, ինչ որ կը կոչուի ջերմային յոգնութիւն (heat exhaustion) ։
«Այս պարագային մարմինը շատ առատօրէն կը քրտնի, որովհետեւ ամէն ջանք կը թափէ այդ աւելորդ ջերմութիւնը յաղթահարելու եւ ինքզինք պաղ պահելու համար։ Կարելի է գլխապտոյտ կամ ուշաթափութեան զգացում ունենալ, շատերու մօտ նաեւ կը յայտնուին սիրտխառնուք եւ գլխացաւ։ Մորթը յաճախ գունատ ու խոնաւ կ’երեւի, իսկ անօթազարկը սովորաբար կ’արագանայ», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։
«Ասիկա մարմնին վերջին փորձն է ինքզինք պաղեցնելու, նախքան անդառնալի վիճակի հասնիլը։»
Արեւահարութիւնը տաքին հետ կապուած ամենէն լուրջ հիւանդութիւնն է եւ, եթէ ժամանակին չբուժուի, կրնայ մահուան պատճառ դառնալ։
«Այս փուլին մարմնի ջերմաստիճանը սովորաբար կը բարձրանայ մինչեւ 40–40.6°C (մօտաւորապէս 104–105 աստիճան Ֆարենհայթ), եւ այս է այն պահը, երբ մարմնի պաշտպանական եւ ջերմակարգաւորման «մեքանիզմ»ները կը սկսին ձախողիլ», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։
Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոններուն (CDC) համաձայն՝ նախազգուշացնող նշանները կրնան ներառել մարմնի չափազանց բարձր ջերմաստիճան, կարմրած եւ չոր մորթ, արագացած անօթազարկ, գլխացաւ, գլխապտոյտ, սիրտխառնուք կամ գիտակցութեան կորուստ։
«Ջերմահարութեան բնորոշ ամենէն կարեւոր նշանը շփոթութիւնը եւ գրգռուածութիւնն են», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։
«Հետեւաբար, եթէ տաքի մէջ գտնուող անձ մը շփոթած կամ գրգռուած դառնայ, պէտք է ենթադրել, որ ան ջերմահարութիւն ունի, որովհետեւ տակաւին հակառակը չէ հաստատուած։ Այդ պարագային անյապաղ օգնութիւն կանչեցէք եւ անձը անմիջապէս տաքէն հեռացուցէք»։
Ինչպէ՞ս ապահով մնալ
Երբ ձեր միջավայրը տաքի կ’ենթարկուի, կան քանի մը միջոցներ, որոնցմով կրնաք պաշտպանել թէ՛ դուք ձեզ, թէ՛ ուրիշները։
Նախ, ուշադիր եղէք ջերմային յոգնութեան կամ տաքին հետ կապուած այլ հիւանդութիւններու ախտանշաններուն։ «Երբ մէկը կը սկսի ուշաթափութեան զգացում ունենալ, գլխապտոյտ, սիրտխառնուք կամ գլխացաւ զգալ, ուրեմն հասած է շտապ գործելու ժամանակը», – կ’ըսէ բժիշկ Լինտընը։ «Ասիկա կը նշանակէ անձը անմիջապէս տաքէն հեռացնել եւ զով վայր մը փոխադրել»։
Այն անձին, որուն մօտ այս ախտանշանները կը յայտնուին, ջուր ցօղելը եւ հեղուկներ տալը կրնան օգնել մարմնին ջերմաստիճանը նուազեցնելու։ Իսկ եթէ ան կը սկսի գիտակցութիւնը կորսնցնել կամ սիրտխառնուք եւ փսխում ունենալ, անմիջապէս շտապ օգնութիւն կանչեցէք։
«Եթէ մէկը շփոթած կամ մտային խանգարման որեւէ նշան ունի, ատիկա անմիջական վտանգի ահազանգ մըն է», կ՛աւելցնէ Լինտըն։
Երբ դուրսը շատ տաք է, փորձեցէ՛ք խուսափիլ բացօթեայ գործունէութիւններէն, յատկապէս առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3-ը, ըստ Լինտընի։ Եթէ պարտաւոր էք դուրս գալ, հագէ՛ք բաց գոյնի հագուստ, ծածկեցէ՛ք գլուխը եւ առատ հեղուկ օգտագործեցէ՛ք։
Մի՛ սպասէք, մինչեւ որ ծարաւ զգաք ջուր խմելու համար, որովհետեւ ծարաւը արդէն ջրազրկման նշան կրնայ ըլլալ։ Լինտըն կը յանձնարէ ամէն ժամ առնուազն մէկ գաւաթ ջուր, կամ աւելի, խմել։
«Եթէ սկսիք ուշաթափութեան զգացում ունենալ կամ գլխապտոյտ, առատ քրտնարտադրութիւն եւ սրտի արագ բաբախում զգալ, անմիջապէս դուրս եկէ՛ք տաք միջավայրէն», կ՛ըսէ Լինտըն։
Փորձեցէ՛ք օդի զովացման համակարգ ունեցող վայր գտնել կամ ձեր շրջանին մէջ այնպիսի տեղեր, ուր կրնաք երթալ զով մնալու համար։ Նոյնիսկ առեւտրական կեդրոնի մը կամ հանրային գրադարանի մը մէջ քանի մը ժամ անցընելը կրնայ օգտակար ըլլալ։
Երբ տունը կը գտնուիք, հովահարները կրնան օգտակար ըլլալ, բայց մի՛ հիմնուիք անոնց վրայ որպէս զովնալու միակ միջոցը։ Թէեւ կրնան աւելի հանգիստ զգացնել տալ, սակայն չեն կրնար կանխել տաքին պատճառած հիւանդութիւնները։
«Եթէ շատ տաք սենեակի մը մէջ էք, «հովահար ունենալը ինքնին օգտակա՞ր է» հարցումին պատասխանը «ո՛չ» է։ Կը կարծեմ, որ եթէ հովահար ունիք եւ միաժամանակ կրնաք ջուր ցօղել ձեր մարմինին, այդ պարագային հովահարը կրնայ օգտակար ըլլալ», կ՛ըսէ Լինտըն։ «Հովահարները ամէն պարագայի արդիւնաւէտ լուծում չեն»։
Վերջապէս, Լինտըն կը շեշտէ, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէք ձեր դրացիներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն, յատկապէս տարեց այն անձերուն, որոնք առանձին կ՚ապրին կամ ընկերային մեկուսացման մէջ կը գտնուին։

