Բուսական սննդականոնը բարելաւած է կեանքի որակը, նուազեցուցած է յոգնածութիւնը եւ պակսեցուցած՝ սրտանօթային վտանգը կրծքագեղձի քաղցկեղով տառապող հիւանդ կիներու մօտ: Այս մասին ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Frontiers in Nutrition ամսագրին մէջ։
Գիտնականները վերլուծած են կրծքագեղձի քաղցկեղի 4-րդ փուլով 30 հիւանդներու տուեալները: Երկու ամսուան ընթացքին, մասնակիցներուն կէսը սնունդ ստացած է սովորականին պէս, իսկ միւս կէսը՝ գիտնականներուն առաջարկած ուտելիքներով։ Կիները յաջողած են կատարել առաջարկութիւններուն 95 առ հարիւրը։
Երկրորդ խումբի կիներու սննդականոնը բաղկացած էր բացառապէս բուսական ուտելիքներէ՝ պտուղներ, բանջարեղէն, ամբողջական ձաւարեղէն (ներառեալ ամբողջական հացահատիկային մաքարոնեղէն), ընդեղէններ (լուբիա), գետնախնձոր, ընկոյզ եւ սերմեր: Մասնակիցները համաձայնած են խուսափիլ կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէն (միս, հաւկիթ եւ կաթնեղէն): Անոնք նաեւ «մալթիվիթամին»ներ ստացած են։ Չեն եղած «քալորի»ի կամ ուտելու ժամանակի սահմանափակումներ:
Սննդականոնի ընթացքին կիները յաջողած են որոշ չափով նիհարնալ։ Այս կարեւոր է, որովհետեւ կշիռքի յաւելումը սովորական է կրծքագեղձի քաղցկեղի բուժման ժամանակ: Կշիռքի յաւելումը կրնայ բարձրացնել «ինսուլին»ի եւ սեռական հորմոններու մակարդակը, ինչ որ կրնայ խթանել ուռուցքի աճին։
Մասնակիցներուն մօտ նկատուած է նաեւ բորբոքումի նուազում, ինչ որ ցոյց կու տայ IGF-1 աճի գործօնի նուազում, որ կապուած է քաղցկեղի շատ տեսակներու հետ: «Հայփոթեթիք»օրէն այդ կրնայ նշանակել, որ բուսական սննդականոնը կրնայ ազդել քաղցկեղի բուժման յաջողութեան վրայ:
Գիտնականները յանձնարարած են մարդոց, յատկապէս անոնց, որոնք դեղ կը ստանան, իրենց բժիշկին հետ քննարկել սննդականոնի որեւէ փոփոխութիւն: Անոնք նաեւ նշած են, որ առողջութիւնը բարելաւելու համար բաւարար է փոխարինել հինգէն տասը «րէսիփի»ներ բոյսերու վրայ հիմնուած ուտելիքներով: