Առանցքային իրողութիւններ
- Ընկճախտը սովորական հոգեկան խանգարում է:
- Համաշխարհային մաշտապով, չափահասներու 5 առ հարիւրը կը տառապի ընկճախտէ:
- Աւելի կիներ կը տառապին ընկճախտէ, քան տղամարդիկ:
- Ընկճախտը կրնայ առաջնորդել անձնասպանութեան:
- Գոյութիւն ունի արդիւնաւէտ բուժում թեթեւ, չափաւոր եւ ծանր ընկճախտի:
Ախտանշաններ եւ օրինաչափութիւններ
Ընկճախտային միջադէպի ընթացքին անհատը կ՛ունենայ ճնշուած տրամադրութիւն (տխրութեան, դիւրագրգռութեան, դատարկութեան զգացում): Ան կրնայ զգալ հաճոյքի կամ գործունէութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան կորուստ:
Ընկճախտային միջադէպը կը տարբերի տրամադրութեան պարբերական վերիվայրումներէն: Անոնք կ՛երկարին օրուան մեծ մասը, գրեթէ ամէն օր, առնուազն երկու շաբաթ:
Կան նաեւ այլ ախտանշաններ, որոնք կրնան ներառել.
- տկար կեդրոնացում
- չափէն աւելի մեղքի կամ ցած ինքնագնահատականի զգացում
- ապագայի հանդէպ յոյսի կորուստ
- մահուան կամ անձնասպանութեան մասին մտածումներ
- քունի խանգարում
- ախորժակի կամ կշիռքի փոփոխութիւններ
- յոգնածութեան կամ ուժի պակասի զգացում:
Ընկճախտային միջադէպը կրնայ դասակարգուիլ իբրեւ թեթեւ, չափաւոր կամ ծանր՝ կախեալ ըլլալով ախտանշաններու քանակէն եւ ծանրութենէն, ինչպէս նաեւ՝ անհատին գործունէութեան վրայ եղած ազդեցութենէն:
Կան ընկճախտային միջադէպերու տարբեր օրինաչափութիւններ, ներառեալ.
- եզակի միջադէպ՝ ընկճախտային խանգարումի, որ կը նշանակէ անհատի մը առաջին եւ միակ միջադէպը.
- կրկնուող միջադէպ՝ ընկճախտային խանգարումի, այսինքն՝ անհատը կ՛ունենայ առնուազն երկու ընկճախտային միջադէպերու պատմութիւն.
- երկբեւեռ խանգարում, որ կը նշանակէ, թէ ընկճախտային միջադէպերը կը փոխարինուին մոլեգնութեան ախտանշաններու ժամանակներով, որոնք կը ներառեն «եուֆորիա» կամ դիւրագրգռութիւն, աշխուժութեան կամ ուժի բարձրացում, եւ այլ ախտանշաններ, ինչպէս՝ շատախօսութեան յաւելում, մրցակցային միտքեր, ինքնագնահատականի բարձրացում, քունի կարիքի նուազում, ցրուածութիւն եւ դիւրամէտ անխոհեմ վարք.
Ախտորոշում եւ բուժում
Կան ընկճախտի բուժման արդիւնաւէտ միջոցներ, որոնք կը ներառեն հոգեբանական բուժումներ եւ դեղեր: Ճիշդ կ՛ըլլայ խնամք որոնելը, եթէ կը գտնուին ընկճախտի ախտանշաններ:
Հոգեբանական բուժումները ընկճախտի առաջին բուժումներն են: Անոնց կրնան միանալ նաեւ հակաընկճախտային դեղեր՝ չափաւոր եւ ծանր ընկճախտի պարագային: Թեթեւ ընկճախտի պարագային հակաընկճախտային դեղերու կարիքը չըլլար:
Հոգեբանական բուժումները կրնան սորվեցնել մտածելու, յաղթահարելու կամ ուրիշներու հետ յարաբերութիւններ մշակելու նոր ձեւեր: Անոնք կրնան ներառել խօսակցական թերափիի մասնագէտներ եւ վերահսկող «թերափիսթ»ներ: Խօսակցական թերափին կրնայ տեղի ունենալ անձամբ կամ առցանց: Հոգեբանական բուժումները կրնան հասանելի ըլլալ կայքերու, յաւելուածներու․․․ միջոցով:
Ընկճախտի համար արդիւնաւէտ հոգեբանական բուժումներ կը ներառեն.
- վարքային աշխուժացումը
- ճանաչողական-վարքային դարմանումը
- միջանձնային հոգեդարմանումը
- խնդրի-լուծման դարմանումը
Հակաընկճախտային դեղերը կը ներառեն սերոթոնինի «ինհիպիթըր»ներ (SSRIs), ինչպէս՝ «ֆլուոքզեթին»ը:
Առողջապահական ծառայութիւններ մատուցողները պէտք է նկատի ունենան հակաընկճախտային դեղերու հետ կապուած հաւանական անբարենպաստ հետեւանքները, միջամտութիւնը (փորձաքննութեան եւ/կամ բուժման հասանելիութեան առումով) եւ անհատական նախասիրութիւնները:
Հակաընկճախտային դեղերը պէտք չէ օգտագործուին փոքրիկներու ընկճուածութիւնը բուժելու համար․ անոնք նաեւ չեն ներկայացներ դեռահասներու բուժման առաջնային գիծը:
Երկբեւեռ խանգարումի համար կ՛օգտագործուին տարբեր դեղեր եւ բուժումներ:
Ինքնահոգատարութիւն
Ինքնահոգատարութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ ընկճախտի ախտանշանները կառավարելու եւ խթանելու ընդհանուր բարեկեցութիւնը:
Ինչ ընել.
- Փորձել շարունակել ձեր գործունէութիւնները, որոնց կիրառումով նախապէս հաճոյք կը զգայիք։
- Կապի մէջ մնալ ընկերներու եւ ընտանիքի հետ։
- Կանոնաւոր ձեւով մարզանք ընել, նոյնիսկ եթէ ընդամէնը կարճ քալել ըլլայ։
- Հետեւիլ կանոնաւոր ուտելու եւ քնանալու սովորութիւններուն։
- խուսափիլ կամ նուազեցնել ալքոլը եւ չ՛օգտագործել ապօրինի թմրանիւթեր, որոնք կրնան վատթարացնել ընկճախտը։
- խօսիլ ձեր զգացումներուն մասին անոր հետ, որուն կը վստահիք։
- օգնութիւն խնդրել բժշկական օգնութիւն մատակարարողէ մը:
Եթէ կան անձնասպանութեան վերաբերեալ միտքեր.
- Յիշել, որ առանձին չէք․ շատ մարդիկ անցած են այդ բոլորի միջով եւ օգնութիւն ստացած են։
- Խօսիլ ձեր զգացումներուն մասին մէկու մը հետ, որուն կը վստահիք։
- Խօսիլ մասնագէտի մը հետ, օրինակ՝ բժիշկի կամ խորհրդատուի մը հետ։
- Մաս կազմել աջակցութիւն ցուցաբերող խումբի մը:
Եթէ կը կարծէք, որ դուք ձեզ վնասելու անմիջական վտանգին տակն էք, դիմեցէք որեւէ հասանելի շտապ օգնութեան ծառայութեան կամ ճգնաժամային գիծի: