Երբեմն սխալ սննդականոնը կը յանգեցնէ այն բանին, որ մենք արթննանք գիշերուան կիսուն: Սննդաբան Փուճա Մահիճան Instagram-ի իր էջին վրայ խօսած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել անհանգիստ քունը եւ գիշերուան կիսուն արթննալը:
Մասնագէտին խօսքով՝ յաճախ քունի հետ կապուած խնդիրներու պատճառը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկումն է, ինչ որ կը յանգեցնէ «ատրենալին»-ի եւ «քորթիզոլ»-ի արտազատման: Իր կարգին, քունի հորմոն «մելաթոնին»-ը կը նուազի, ինչ որ կրնայ յանգեցնել վաղաժամ արթննալու:
Ինչպէս նշած է սննդաբանը, վերոնշեալ հարցէն կարելի է խուսափիլ՝ քնանալէն մէկ ժամ առաջ քիչ մը նուշ ուտելով: Նուշը կը պարունակէ «թրիփթոֆան»՝ ամինաթթու, որ կ՛օգնէ մելաթոնին արտադրելու. անիկա հարուստ է նաեւ «մակնեզիում»-ով, որ կ՛օգնէ բարելաւելու քունի որակը:
Իր կարգին, սննդաբան Սալի Շի-Փո Փունը կը յանձնարարէ երեկոյեան երկու «քիուի» ուտել: Անոր խօսքով՝ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ քնանալէն մէկ ժամ առաջ այդ պտուղի օգտագործումը կ՛օգնէ աւելի շուտ քնանալու, աւելի երկար քնանալու եւ գիշերները աւելի հազուադէպ արթննալու: