Նիւ Ճըրզիի բնակիչներէն Արիանա ԴիԳրիգորիոն կը զգուշացնէ, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ համբուրել նորածիններուն: Facebook-ի իր էջին վրայ Արիանա ան տեղադրած է իր նորածին տղուն՝ Անթոնիոյին լուսանկարը:
«Եսասեր մի՛ ըլլար: Մի՛ համբուրեր փոքրիկներուն: Չ՛արժեր»,- գրած է ան, հաղորդած է Fox News-ը: Անոր 8 ամսական տղան հիւանդանոց հասած է RՏ-«վիրուսի» վարակով, որ տարածուած է:
Հիւանդութիւններու կանխարգիլումի եւ վերահսկումի կեդրոնի (CDC) տուեալներուն համաձայն՝ մարդոց մեծ մասը կ՛առողջանայ մէկ կամ երկու շաբաթ անցնելէն ետք, սակայն այդ մէկը կրնայ լուրջ հիւանդութիւն դառնալ նորածիններու եւ տարեցներու պարագային:
Վարակը նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1 տարեկանէն վար փոքրիկներու պարագային, «պրոնշիթի» եւ թոքաբորբոքումի ամենատարածուած պատճառներէն մէկն է: Ախտանշաններէն կրնան ըլլալ հարբուխը, ախորժակի կորուստը, հազը, փռնքտոցը, տաքութիւնը եւ հեւոցը: Մանուկներու մօտ, ախտանշանները կրնան դրսեւորուիլ դիւրագրգռութեան, աքթիվութեան նուազեցման եւ դժուար շնչառութեան տեսքով:
Միեւնոյն ժամանակ, առողջ փոքրիկները եւ մեծահասակները, որոնք վարակուած են այդ «վիրուսով», սովորաբար հիւանդանոցային օգնութեան կարիք չեն ունենար:
Վարակը կրնայ տարածուիլ, երբ վարակուած մարդը կը փռնքտայ կամ կը հազայ, երբ փռնքտոցէն կամ հազէն վարակուած կաթիլները կը թափանցեն աչքերու, քիթի մէջ կամ բերանի խոռոչ: Անիկա նաեւ կը տարածուի ուղիղ կապի միջոցով, օրինակ, եթէ համբուրէք փոքրիկին երեսը:
Այդ «վիրուսով» վարակուած մարդիկ, սովորաբար կրնան վարակել 3-8 օրուան ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ վարակը կը տարածուի աշնան, ձմրան եւ գարնան: ԴիԳրիգորիոն այս մասին ըսած է. «Կը Խնդրեմ, ձեր բերանները հեռու պահեցէք փոքրիկի երեսէն, ձեռքերէն եւ ոտքերէն: Եթէ վարակուած էք, մնացէք տունը: Այն, ինչ որ ձեզի համար կրնայ «ալերժի» ըլլալ, փոքրիկի կեանքին համար կրնայ վտանգաւոր ըլլալ»,- գրած է ան:
CDC-ն կ՛առաջարկէ նմանատիպ խորհուրդներ մեծահասակներու համար, որոնք ամէնօրեայ շփումի մէջ են նորածիններու կամ փոքրիկներու հետ, յատկապէս՝ վաղածին փոքրիկներու հետ, որոնք կը տառապին թոքերու կամ սիրտի քրոնիկ հիւանդութիւններով եւ տկար դիմադրողականութեան համակարգ ունին: