Ամերիկացի գիտնականներ ուսումնասիրած են որոշ մարդոց անվարակունակութեան պատճառները քորոնա ժահրին նկատմամբ եւ նկարագրած են այս ժահրին հանդէպ դիմադրողականութեան ձեւաւորման հիմնական մեքանիզմները: Նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է Science ամսագիրին մէջ:
Ճենիֆըր Հոուփ եւ Լինտա Պրետլի՝ Burnham Prebis Medical Discovery Institute (SBP)-էն (Քալիֆորնիա նահանգ) պարզած են, որ երբ ժահրերը ընդունող բջիջներ կը ներթափանցեն, բջիջային մեքանիզմներ գործի կը դնեն ինքնաբազմացումի համար, ինչ որ անոնց կարելիութիւն կը ստեղծէ տարածուելու աւելի ընկալունակ բջիջներու վրայ:
Ներթափանցած վարակի դէմ պայքարելու համար, դիմադրողական համակարգը կ՛աշխուժացնէ բնածին դիմադրողական պատասխանները (օրինակ` բորբոքումը), որ իրենց կարգին կ՛աշխուժացնեն «ատապթիվ» դիմադրողական համակարգը:
«Տենտրիթային» բջիջները իրենց մէջ կ՛առնեն ժահրային սպիտակուցները եւ մասնիկները, կը տեղափոխեն զանոնք «լիմֆոիտ» օրկաններ, ուր կը ներկայանան T եւ B բջիջներուն: Եթէ այդ բջիջները կարենան ճանչնալ ժահրը, կը սկսին աշխատիլ յարմարողական դիմադրողական բջիջային եւ «հումորալ» ճիւղերը` օրկանիզմի պաշտպանութիւնը միատեղ ապահովելու համար:
Դիմադրողական համակարգի «ատապթիվ» ճիւղը պաշտպանիչ դիմադրողական յիշողութիւն կը յառաջացնէ: Միաժամանակ, T եւ B բջիջային հակազդեցութիւն SARS-CoV-2-ի նկատմամբ յաճախ կայ այն մարդոց մօտ, ովքեր նախապէս չեն հանդիպած այս ժահրին:
Գիտնականները կը կարծեն, որ մարդոց մօտ նման բջիջային դիմադրողականութեան առկայութիւնը կապուած է անոնց օրկանիզմին մէջ T եւ B բջիջներու առկայութեան հետ, որոնք իւրայատուկ են այլ քորոնա ժահրերու նկատմամբ: Գիտնականներու կարծիքով` դիմադրողական պատասխանը SARS-CoV-2-ին կրնայ կախեալ ըլլալ օրկանիզմի` ժահրերու հետ նախկին հանդիպումներու պատմութենէն: