Թէյ պատրաստելու ժամանակ, անհրաժեշտ է խստօրէն հետեւիլ արտադրողի հրահանգներուն, որոնք խորհուրդ կու տան թէյի խոտը կամ խոտերու փունջը պատրաստելու եռացած ջուրով։ Այս նշումը պէտք է փնտռել թէյի տուփին վրայ։ Այս մասին տեղեկացուցած են Գերմանիոյ Ռիսքերու գնահատման դաշնային հիմնարկի մասնագէտները։
Ամէնէն սուղ թէյին մէջ նոյնիսկ կրնան գտնուիլ վտանգաւոր ախտածիններ, այդ շարքին մանրէներ եւ սունկեր։ Իսկ թէյի որոշ ապրանքատեսակներու մէջ, ինչպէս ցոյց տուած են հետազօտութիւնները, եղած են սալմոնելայի հետքեր։ Այս մասին գրած է «Ռոսիյսքայա կազեթան»:
Ճիշդ այդ պատճառով, խորհուրդ կը տրուի օգտագործելու եռացած ջուր՝ ձգելով, որ թէյը թրջուի 5 վայրկեան։ Նման ջերմային մշակումը կ՛ոչնչացնէ վտանգաւոր ախտածիններու մեծ մասը։
Սակայն թէյը չափէն աւելի թրջել նոյնպէս կարելի չէ. քանի մը ժամ ետք, թէյը արդէն կը կորսնցնէ բոլոր օգտակար յատկութիւնները։