Արեւելեան Անգլիոյ եւ Պիրքպեքի համալսարանի եւ Լոնտոնի համալսարանի գիտնականները միատեղ հետազօտութիւն մը կատարած են, որուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, թէ ինչպէ՞ս փոքրիկի մը խառնուածքը կ՛ազդէ հեռատեսիլի հաղորդումներ դիտելու վրայ, գրած է Science Daily-ն:
Նոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 10 ամսուան մանուկներու ուղեղին հակազդեցութիւնը կրնայ կանխատեսել, թէ արդեօք անոնց հաճելի կը թուի՞ն «տինամիք» հեռատեսիլի հաղորդումները նաեւ 6 ամիս անց:
«Նոյնիսկ հարց տալով՝ փոքրիկները կը տարբերին նոր տեսարաններ կամ ձայներ բացայայտելու իրենց ձգտումով»,-ըսած է հետազօտութեան հեղինակ, Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանի հոգեբանութեան դպրոցի տնօրէն Թէոտորա Կլիկան:
Անոր խօսքով՝ գիտնականները փափաքած են գիտնալ, թէ ինչո՞ւ փոքրիկները իրարմէ կը տարբերին «վիժուըլ» զգայարանական խթանիչի փնտռտուքի հարցին մէջ, օրինակ, ե՞րբ անոնց կը գրաւեն փայլուն առարկաները, վառ գոյները կամ «էքրան»-ի վրայ շարժող պատկերները:
Գիտնականը նշած է, որ բազմաթիւ տեսութիւններ առաջարկուած են, որոնք կը բացատրեն այդ տարբերութիւնները: Որոշ գիտնականներ կ՛ենթադրեն, որ նուազ զգայուն փոքրիկները կը ձգտին աւելի քիչ խթանիչի, ուրիշներ կը կարծեն, որ կան փոքրիկներ, որոնք աւելի արագ կը մշակեն տեղեկութիւնը, եւ այդ ունակութիւնը կրնայ զանոնք ստիպել ձգտելու՝ աւելի մեծ խթանիչի:
Սակայն, հետազօտութեան հեղինակները նոր տեսութիւն մը յառաջ կը տանին: Գիտնականները «էնսեֆալոկրամ»-ի օգնութեամբ ուսումնասիրած են 10 ամսուան 48 փոքրիկներու մօտ ուղեղի աշխուժութիւնը՝ «Տիզնիյի» 40 վայրկեաննոց հոլովակ դիտելու ժամանակ:
Մասնաւորապէս, անոնք ուսումնասիրած են, թէ փոքրիկներու ուղեղին ալիքները ինչպէ՞ս կ՛արձագանգեն ֆիլմի պատահական անջատուելուն: Գիտնականին խօսքով՝ «էնսեֆալոկրամ»-ի միջոցով պարզ դարձած է, որ փոքրիկները ճանչցած են կրկնուող հոլովակը:
Կլիկան յայտնած է, որ արդէն ճանչցուած տեսանիւթը նուազ կը հետաքրքրէ փոքրիկներուն, եւ անոնք կը սկսին նկատել ճատրակի տախտակը, որ յայտնուած է հոլովակը անջատելու ժամանակ: Սակայն պարզուած է, որ մէկ մասը նկատած է տախտակը տակաւին ատոր յայտնուելէն առաջ, իսկ միւս մասը շարունակած է դիտել հոլովակը նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ «էքրան»-ին ոչ մէկ նոր բան յայտնուած է:
Բացի ատկէ, ծնողներէն խնդրած են հարցաթերթիկ ամբողջացնել փոքրիկներու զգայուն կեցուածքին մասին:
Պարզուած է, որ ճիշդ այն արագութիւնը, որով փոքրիկները ուշադրութիւն դարձուցած են հովոլակին մէջ յայտնուած տախտակին վրայ, կանխագուշակած են, թէ արդեօք անոնց հաճելի կը թուի՞ նայիլ հեռատեսիլի հաղորդումը նաեւ 6 ամիս անց: