Կապոյտ հազի, կարմրուկի, կարմրախտի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ ծրագրուած պատուաստներէն հրաժարիլը կրնայ շարք մը խնդիրներու յանգեցնել, յատկապէս՝ «քորոնա» ժահրի համավարակի համաթեքսթին մէջ: Այս մասին խօսած է Գայեանէ Սահակեան՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն:
Սահակեանին համաձայն, ծրագրուած պատուաստներու ծաւալը, այս տարուան Մարտին, 2019-ի նոյն ամսուան հետ բաղդատելով, նուազած է 27 առ հարիւրով, որովհետեւ շատ մարդիկ կը վախնային դարմանատուներ այցելելու՝ համավարակի պայմաններուն մէջ: Սակայն, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ, այս ցուցանիշը հասած է 11 առ հարիւրի (այսինքն՝ աւելի փոքրիկներ ստացած են իրենց պատուաստները), Մայիսին՝ 8 առ հարիւրի: Այդ մէկը, ըստ փորձագէտին, կրնայ յառաջ եկած ըլլալ անով, որ այս ամսուընէ սկսելով, «քորոնա» ժահրի մեղմ ընթացքով, բազմաթիւ հիւանդներ սկսած են բժշկական հիմնարկներու մէջ բուժում ստանալ: Իսկ առողջ մարդիկ, վախնալով «քորոնա» ժահրով վարակուելէն եւ վտանգի ենթարկելէ իրենց փոքրիկները, կը վախնային դարմանատուներ երթալու:
Ինչպէս նշած է մասնագէտը, ծրագրուած պատուաստներու քանակի նոյնիսկ կարճաժամկէտ նուազումը կրնայ լուրջ խնդիրներու յանգեցնել: Կապոյտ հազի նման հիւանդութիւններ յառաջացնող ժահրերը տակաւին շրջան կ՛ընեն երկիրին մէջ, եւ եթէ չպատուաստուողներու թիւը աւելնայ, հիւանդութիւնը կրնայ աշխուժանալ եւ տարածուիլ վտանգի ենթարկուած մարդոց շրջանակին մէջ: Իսկ այդ մէկը արդէն նոր վտանգներ եւ խնդիրներ կ՛ենթադրէ՝ առանց ատոր իսկ ծանրաբեռնուած առողջապահական համակարգին համար։
Մասնագէտը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ կարմրուկի եւ կարմրախտի տեղական փոխանցումը որոշ ժամանակ չէ արձանագրուած, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ մարդիկ պաշտպանուած են այդ հիւանդութիւններէն. մենք մեկուսացուած չենք աշխարհի մնացեալ մասէն, մարդիկ օդանաւային թռիչքներով կը վերադառնան հայրենիք, եւ անոնց հետ միասին կրնան «ներգրուող» դէպքեր երկիր մտնել:
Փորձագէտին խօսքով՝ կապոյտ հազի, կարմրուկի, կարմրախտի եւ «ռոթաժահր»-ին նման հիւանդութիւնները կրնան բաւական արագ բռնկումներ յառաջացնել, եթէ բնակչութիւնը չպատուաստուի ատոնց դէմ: «փոլիոմիելիթ»-ի եւ «տիֆթերիա»-ի նման հիւանդութիւններու լուրջ տարածման համար աւելի ժամանակ կը պահանջուի, բայց ատոնց տարածման վտանգ եւս կայ, ուստի, մասնագէտին համաձայն, կարելի չէ համավարակի պայմաններուն մէջ անտեսել ծրագրուած պատուաստներու կարեւորութիւնը՝ ինչպէս փոքրիկներու, այնպէս ալ մեծերու համար: