Ժամանակակից շատ մարդիկ իրենց կեանքը չեն պատկերացներ առանց քաղցրաւենիքներու. կարկանդակները, «ուաֆըլ»-ները, թխուածքապլիթները եւ շաքար-շոքոլաները շատոնց դարձած են անոնց ամէնօրեայ սննդաբաժինի մէկ մասը։ Այս բոլոր ուտելիքները վնասակար են թէ՛ առողջութեան, թէ՛ կազմուածքին, եւ շատերը հիանալի կերպով կը հասկնան, բայց չեն պատկերացներ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պայքարիլ քաղցր ուտելու ցանկութեան դէմ։
Սննդաբան Գայեանէ Շահխաթունի քանի մը խորհուրդ տուած է, որոնք կրնան օգնել անոնց, որոնք կը փափաքին զանց առնել քաղցրեղէն ուտելը։
Եթէ վարժուած էք առաւօտեան մէկ գաւաթ թէյի կամ սուրճի հետ կտոր մը կարկանդակ, շաքար-շոքոլա կամ որեւէ այլ քաղցրեղէն ուտել, անհրաժեշտ է առաջին կարգին կրճատել սովորական չափաբաժինը. փորձեցէք բաւարարուիլ կարկանդակի, թխուածքապլիթի կէս կտորով։ Նոյնիսկ շաքար-շոքոլան կարելի է կիսել, միւս կէսն ալ յետոյ ուտել։
Յաջորդ քայլով, անհրաժեշտ է վերահսկել քաղցրեղէնի քանակը օրուան ընթացքին։ Սկիզբը փորձեցէք ուտել օրական 3 շաքար կամ շոքոլայէն ոչ աւելի։ Եթէ քաղցրեղէն շատ կ՛ուզէք, կերէք շաքարին կամ շոքոլային կէսը, իսկ երկրորդ կէսը կրնաք ուտել աւելի ուշ, եթէ նորէն քաղցրեղէն կ՛ուզէք ուտել։ Երբ սորվիք բաւարարուիլ քաղցրեղէնի կրճատուած քանակով, դարձեալ կրկնակի կրճատեցէք այդ քանակը։
Ժամանակի ընթացքին, ալ աւելի կրճատելով քաղցրեղէնի քանակը սննդաբաժինին մէջ, դուք կրնաք սորվիլ քաղցրեղէն ուտել միայն առիթէ առիթ։
Կարեւոր խորհուրդ մը եւս. քաղցրեղէնը պէտք է ուտել շատ դանդաղ։ Ինչպէս նշած է մասնագէտը, մեր ուղեղին ժամանակ պէտք է, որպէսզի հասկնայ, որ կշտացած է։ Եւ երբ մենք դանդաղ կ՛ուտենք, այդ նոյն ժամանակին մէջ, մենք կը յաջողինք շատ աւելի քիչ ուտել։
«Եթէ ներկայ էք առիթի մը եւ կը պատրաստուիք կարկանդակ ուտելու, միայն կէս կտոր վերցուցէք, եւ սկսեցէք շատ դանդաղ ուտել։ Ձեր ուղեղը որոշ ժամանակ ետք, «կը կշտանայ», եւ չէք ալ փափաքիր ուտել մնացեալ կտորը»,- ըսած է սննդաբանը։
Մասնագէտը նաեւ ընդգծած է, որ ոչ մէկ ահաւոր բան կը պատահի, եթէ օրուան ընթացքին ուտէք 1-2 կտոր սեւ տուրմ առանց յաւելումներու։ Բայց տուրմ գնելու ժամանակ, անպայման կարդացէք բաղադրութիւնը. որքան քիչ են շաքարը եւ այլ յաւելումները, եւ որքան շատ է «cacao»-ը, այնքան աւելի լաւ։
Յիշեցնենք, որ շաքար պարունակող ուտելիքները, հակառակ տարածուած կարծիքի, ուղեղին համար ոչ միայն օգտակար չեն, այլեւ՝ վնասակար են։ Այլ հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ շաքարը բացասաբար կ՛ազդէ փոքրիկներու վարքին վրայ, եւ անշուշտ, լուրջ վնաս կը հասցնէ անոնց ակռաներուն։