Աշնան ծնած մանուկները աւելի ենթակայ են «ասթմա»-ի, «էլըրճի»-ի եւ ծաղկափոշիի բարձր ջերմութեան։ Այս մասին յայտնած է Daily Mail-ը՝ վկայակոչելով բժիշկ Ճեսիքա Հուէյնին։
Բժիշկ Հուէյն կ՛աշխատի Քոլորատօ նահանգի Ազգային հրեական առողջութեան բժշկական կեդրոնին մէջ։ Անոր խումբը նշեալ հիւանդութիւններուն հանդէպ աւելի բարձր հակում յայտնաբերած է աշնան ծնած մանուկներու շրջանակին մէջ։ Այս փոքրիկներուն մօտ յաճախ կը տեսնուի «էլըրճիք» հակազդեցութիւններ, որոնք աւելի լուրջ հիւանդութիւններու կ՛առաջնորդեն։ Մասնագէտներուն խօսքով՝ այդ մէկը կրնայ կապուած ըլլալ «պաքթիրիային» միջավայրի հետ։
Գիտնականներու խօսքով՝«էլըրճի»-ն, հաւանաբար, կը յայտնուի նորածին շրջանին, երբ «էլըրճի»-ները կ՛անցնին նորածինին չոր եւ ճռթացող մաշկին մէջէն։ Գիտնականները ներկայիս կը փորձեն պարզել, որ աշնան մանուկներու մաշկը իսկապէ՞ս պակաս պաշտպանուած կ՛ըլլայ։
«Եթէ մենք կարենանք միջամտել այնքան կանուխ տարիքին, արգանդէն մանուկին դուրս գալէն անմիջապէս ետք, ապա այդ մէկը, հաւանաբար, կ՛օգնէ մեզի դադրեցնելու «էլըրճիք» հակազդեցութիւններու զարգացումը»,- ըսած է բժիշկ Հուէյն։