Համավարակի ժամանակ վտանգաւոր է ոչ միայն վարակուած մարդոց հազը, այլ՝ սովորական զրոյցը կամ խօսակցութիւնը: Կարելի է վարակուիլ նոյնիսկ 2 մեթր հեռաւորութենէն, ընդամէնը կէս վայրկեան վարակուած մարդու մը հետ պարզապէս շփուելով: Այս մասին յայտնած են Քեմպրիճի համալսարանի գիտնականները:
Հետազօտութեան հեղինակները ժահրի փոխանցումը մօտելաւորած են՝ հաշուի առնելով կաթիլի չափերը, որոնք միջավայրին մէջ կը յայտնուին հազալու կամ խօսելու ժամանակ, եւ տարբեր գործօններ ինչպէս՝ ժահրային օթակաթիլային բաղադրութիւնը, յայտնած է Medportal.ru-ն:
Պարզուած է, որ ժահրի փոխանցումի վտանգը նոյնքան մեծ է, թէ՛ հազալով եւ թէ՛ խօսելով, եթէ առանց դիմակի մարդ կը գտնուի վարակուած անձէն 2 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Նոյնիսկ մէկ ժամ ետք, երբ վարակուած անձը խօսած է ընդամէնը 30 երկվայրկեան, օդին մէջ մնացած կաթիլային կախոյթը աւելի շատ ժահրային զանգուած կ՛ընդգրկէ, քան հազալով: Ճիշդ այս պատճառով, մարդիկ այդքան դիւրին կը վարակուին վատ օդափոխութեամբ փակ տարածքներու մէջ: Մարդ կրնայ նոյնիսկ փոխգործակցութիւն չունենալ քորոնա ժահրով վարակուած անձի մը հետ, այլ ուղղակի յայտնուիլ այն տեղը, ուր ան գտնուած էր մէկ ժամ առաջ, եւ վարակուիլ:
Հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ խօսելով կամ հազալով, ժահրային մասնիկներէն ընդամէնը երկու երկվայրկեան կը պահանջուի, աւելի քան 2 մեթր տարածութիւնը կտրելու եւ ուրիշ մարդու մը հասնելու համար:
Գիտնականներու խօսքով՝ քանի, որ տակաւին քորոնա ժահրը չէ յաղթահարուած, անհրաժեշտ է շարունակել դիմակ կրելը, ընկերային հեռաւորութիւն պահելը, փակ տարածքները լաւ օդափոխելը, որ ատոնց մէջ չկուտակուին ժահրային օթակաթիլները: