Որոշ ծնողներու համար, ծեծը տակաւին արդիւնաւէտ դաստիարակչական միջոց է։ Բաւական է քանի մը անգամ հարուածել փոքրիկին, եւ ան կը դադրի ընել այն, ինչ որ ծնողները սխալ կը տեսնեն։ Սակայն, բազմաթիւ մասնագէտներ աւելի ու աւելի յաճախ կ՛ապացուցեն, որ պատիժի այս տարբերակը շատ վտանգաւոր է փոքրիկներուն համար։
Վեց պատճառներ՝ փոքրիկին չծեծելու համար
- Փոքրիկները կը սորվին ընդօրինակութեան միջոցով. ծեծը կը սորվեցնէ փոքրիկներուն, որ բռնութիւնը բնական երեւոյթ է, յատկապէս, եթէ ծեծողը ծեծուողէն մեծ է եւ զօրաւոր։ Մանկավարժական գրականութեան մէջ կայ հետաքրքրական օրինակ մը, ուր կը պատմուի, որ փոքրիկին ծեծի միջոցով «դաստիարակող» մայրը օր մը տեսած է, թէ ինչպէս իր 3-ամեայ աղջնակը կը ծեծէ իր փոքր եղբօրը՝ բացատրելով, որ պարզապէս եղբօր հետ «մայր ու աղջիկ» կը խաղար։
- Ծեծը կը նուազեցնէ ինքնագնահատականը. փոքրիկին համար դեռ շատ կանուխ է ծեծի եւ իր պահուածքին միջեւ պատճառահետեւանքային կապը հասկնալու համար, ուստի ան կը սկսի մտածել, որ անոր կը ծեծեն ոչ թէ փճացուցած իրի համար, այլ որովհետեւ ան վատ է եւ ծնողները չեն սիրեր իրեն։
- Ծեծը անարդիւնաւէտ է. կրնայ ըլլալ, որ առաջին անգամ ծեծուելէն ետք, փոքրիկը հնազանդի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ ան կը գիտակցի, թէ որն է իր սխալը։ Ան պարզապէս կը վախնայ, կը շփոթի եւ կը փափաքի վերադարձնել ծնողներու սէրը եւ լաւ վերաբերմունքը։ Եթէ ծեծը դառնայ սովորական երեւոյթ, ապա փոքրիկը այդ կ՛ընդունի որպէս անխուսափելի չարիք, եւ չի փափաքիր փոխել իր կեցուածքը։
- Ծեծը դատապարտումի արժանի քայլ է. մարմնական որեւէ պատիժ սխալ քայլ է, որ կը դատապարտուի հասարակութեան կողմէ եւ արժանի է պատիժի։ Այս մէկը նոյնն է, ինչպէս աշխատավայրի մէջ եղած սխալի համար գործընկերներու կողմէ ծեծուիլը։ Կարեւոր է յիշել, որ փոքրիկը ոչ մէկ բանով կը տարբերի ծնողքէն կամ գործընկերոջմէն։
- Սեփական անկարողութեան ընդունում. ծնողները յաճախ կը յայտարարեն, որ փոքրիկը ծեծէն բացի, որիշ ոչ մէկ ձեւով չ՛ենթարկուիր, սակայն այս պարագային, խնդիրը ոչ թէ փոքրիկին արարքներուն մէջ է, այլ անոր մէջ, որ ծնողները չեն կրնար կիրառել դաստիարակութեան ճիշդ մեթոտներ եւ կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները փոքրիկին հետ։ Ծեծի պատճառով ծնողները կ՛ընդունին իրենց անկարողութիւնը եւ կը կորսնցնեն հեղինակութիւնը փոքրիկներուն մօտ։ Վերջիններս ալ, իրենց կարգին, կը մտածեն, որ կրնան կառավարել ծնողներուն՝ զանոնք սադրելով։
- Անվստահութիւնը կը մեծնայ ծնողներուն հանդէպ. ֆիզիքական պատիժը կը խանգարէ կապուածութիւնը, կը քանդէ սէրը եւ վստահութիւնը փոքրիկներու եւ ծնողներու միջեւ։ Պէտք է յիշել, որ ընտանիքի մէջ իսկական փոխըմբռնումը կը յառաջանայ միայն՝ փոխադարձ յարգանքի պարագային։
Ինչ ընել՝ փոքրիկները չծեծելու համար.
- Բացատրել հետեւանքները. փոքրիկը պէտք է հասկնայ, որ իր արարքը ճիշդ չէ։ Պէտք է բացատրել անոր, որ վատ արարքը կը յանգեցնէ անցանկալի հետեւանքներու։
- Ընդմիջում կազմակերպել. այս ընդմիջումը օգտակար կ՛ըլլայ ամբողջ ընտանիքին համար։ Հիասթափութիւնը եւ վատ տրամադրութիւնը կրնան յանգեցնել անոր, որ ծնողը կը զայրանայ եւ կը պատժէ փոքրիկին՝ ծեծելով անոր։ Նման պարագայի, անհրաժեշտ է ընդմիջում կազմակերպել։ Կարելի է գաւաթ մը սուրճ խմել, զրուցել ընկերուհիի հետ կամ ամսագիր կարդալ։
- Փոքրիկը պէտք է դաս քաղէ. պէտք է յիշել, որ փոքրիկին բոլոր արարքներու հետեւանքները կանխելը ծնողի պարտականութիւններու մէջ չի մտներ։ Երբեմն, անհրաժեշտ է թոյլ տալ, որ փոքրիկը որեւէ սխալ ընէ (միայն բացարձակապէս անվնաս սխալ) եւ հետագային դաս քաղէ։ Երբեմն, նոյնիսկ ամենամեղմ ծնողը, սաստիկ զայրանալու պարագային, կրնայ ծեծել փոքրիկին։ Նման պարագայի, անհրաժեշտ է անպայման ներողութիւն խնդրել փոքրիկէն եւ բացատրել անոր, որ իր վատ արարքը սաստիկ զայրացուցած է՝ ստիպելով խախտել կանոնները։ Այս կերպով ծնողները կը կարողանան պատիւով դուրս գալ նոյնիսկ ամենաբարդ իրավիճակէ։