Գիտնականներ բացայայտած են, որ փոխադրամիջոցներու եւ հանրային վայրերու մէջ ծխելու «օրէնքները սահմանող» արգելքները աշխարհի շատ տարածաշրջաններու եւ երկիրներու մէջ յանգեցուցած են 10 առ հարիւրով սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու յաճախականութեան նուազումին, ինչպէս նաեւ՝ 17 առ հարիւրով կրճատած են թոքերու հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը։ Հետազօտողներու եզրակացութիւնները հրապարակուած են JAMA Network Open ամսագրի յօդուածին մէջ։
«Մենք առաջին անգամ համակարգայնօրէն ուսումնասիրած ենք ծխելու բոլոր արգելքներու ազդեցութիւնը համաշխարհային հանրային առողջութեան վրայ։ Մեր կատարած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ծխելու արգելքներ կիրառելը նուազեցուցած է սրտի եւ անօթներու բոլոր տեսակի հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը 10 առ հարիւրով, 17 առ հարիւրով իջեցուցած է թոքերու հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ 9 առ հարիւրով կրճատած է այդ հիւանդութիւններով տառապող մարդոց հիւանդանոցային բուժումի յաճախականութիւնը»,- գրած են հետազօտողները։
Բժիշկներու միջազգային խումբը՝ Քունիթաթիի Հիթոցուպաշի համալսարանի փրոֆեսոր Ռիոթա Նաքամուրայի գլխաւորութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով, բոլոր համապարփակ ուսումնասիրած է այն միջոցներու արդիւնաւէտութիւնը, որոնք ձեռնարկուած են Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ծխախոտի տարածման վերահսկման «Շրջանակային Քոնվենշըն»ի մասնակից երկիրներու կողմէ՝ «փասիվ» ծխելու վնասները նուազեցնելու նպատակով։ Գիտնականները հաւաքած եւ ուսումնասիրած են այն հետազօտութիւնները, որոնք կատարուած են ծխելու առաջին «օրէնքները սահմանող» արգելքներու յայտնուած պահէն։
Հեղինակները ընդհանուր առումով ուսումնասիրած են 114 հետազօտութիւններու եզրակացութիւնները։ Անոնք միացուցած են դիտարկումներու արդիւնքները եւ գնահատած, թէ ինչպէս հակածխախոտային միջոցները միջին ձեւով ազդած են բնակչութեան առողջութեան վրայ։
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ծխելու «օրէնքները սահմանող» արգելքները աշխատավայրերու, հանրային վայրերու եւ փոխադրամիջոցներու մէջ բարենպաստ ազդեցութիւն ունեցած են հանրային առողջութեան վիճակին վրայ։ Ատոնք միջինը 10 առ հարիւրով նուազեցուցած են սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու եւ 17 առ հարիւրով՝ շնչառական համակարգի հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ 10 եւ 9 առ հարիւրով իջեցուցած են այդ հիւանդութիւններէն մահացութեան մակարդակը։
9 առ հարիւրով նուազած է նաեւ հիւանդներու հիւանդանոցային բուժումի յաճախականութիւնը, որոնք ունեցած են սրտի եւ թոքերու հիւանդութիւններու ծանր ձեւեր։ Իբրեւ յաւելում՝ ծխելու արգելքները նպաստած են 6 առ հարիւրով վաղաժամ ծննդաբերութիւններու պարագաներու թիւի կրճատման, ինչպէս նաեւ նուազած է մեռելածնութեան եւ յղիութեան այլ բարդութիւններու հաւանականութիւնը չծխող կիներու մօտ։ Հետազօտողներու խօսքով՝ այս նպաստաւոր «էֆեքթ»ները աւելի արտայայտուած եղած են առաջին աշխարհի երկիրներու մէջ, քան զարգացող պետութիւններու պարագային։
Ինչպէս նշած են հեղինակները, այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները միատեսակ ցոյց կու տան ծխելու «օրէնքները սահմանող» բոլոր տեսակի արգելքներու (որոնք վերջին երկու տասնամեակին ներառուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ) մեծ օգուտը հանրային առողջապահութեան համար։