Պարսելոնա Կլոպալ առողջապահութեան հիմնարկի (ISGlobal) գիտնականները հետաքրքրական բացայայտում մը կատարած են, որ յղութեան առաջին եռամսեակին, ընկոյզի օգտագործումը դրական կ՛ազդէ մանուկին մտային կարողութիւններուն վրայ: Փորձագէտները այդ մէկը կը բացատրեն անով, որ ընկոյզը հարուստ է ֆոլաթթույով եւ անփոխարինելի ճարպաթթուներով, այդ շարքին՝ օմեկա 3-ով եւ օմեկա 6-ով:
Մասնագէտները պարզած են, որ այն փոքրիկները, որոնց մայրերը յղութեան առաջին եռամսեակին ընթացքին, ամէն օր, երեք չափաբաժին 30 կրամ ընկոյզ օգտագործած են, աւելի լաւ կատարած են մտային աշխատանքներու, ուշադրութեան եւ յիշողութեան փորձարկութիւնները: Ընդհանուր առմամբ, հետազօտութեան մէջ ընդգրկուած են 2200 զոյգ մայր եւ զաւակ: Այս մէկը առաջին նմանօրինակ հետազօտութիւնն է, որուն մէջ դիտարկուած են յղութեան ժամանակ, սնունդին մէջ ընկոյզի օգտագործման առաւելութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ՝ փոքրիկին նեարդային համակարգի զարգացման տեսանկիւնէն:
Փորձին ներգրաւուած յղի կիները առաջին եւ երրորդ եռամսեակին ընկոյզ, նուշ, գետնընկոյզ, մայրիի ընկոյզներ եւ կաղին կերած են: Փոքրիկներուն զարգացումը գնահատուած է, երբ անոնք հասած են 18 ամիսը, ինչպէս նաեւ՝ 5 եւ 8 տարեկանին: Պարզուած է, որ փոքրիկին մտային կարողութիւններուն վրայ ամենամեծ դրական ազդեցութիւնը ունեցած է առաջին եռամսեակին մէջ ընկոյզի օգտագործումը: Խորհուրդ տրուող չափը շաբաթական 30 կրամ երեք չափաբաժին ընկոյզն է: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Journal of Epidemiology ամսագիրին մէջ: