Դաշտանադադարի ժամանակ կիներ կ՛ապրին ոսկրային զանգուածը արագ կորսնցնելու ամենէն արագ փուլերէն մէկը ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Փենսիլվանիայի համալսարանի հետազօտող Մերի Ճէյն Տը Սուզայի համաձայն, կիներ կրնան ընդամէնը երեք տարուան ընթացքին կորսնցնել իրենց ոսկրային հիւսուածքին մինչեւ 10 առ հարիւրը՝ դաշտանադադար սկսելէն մէկ տարի առաջ եւ շարունակելով մինչեւ անոր յաջորդող առաջին երկու տարիները։
Ահա թէ ինչու մասնագէտները առաւել եւս կը շեշտեն «օսթէոփորոզ»ի (osteoporosis) կանխարգիլման կարեւորութիւնը՝ նախքան առաջին ախտանշաններու յայտնուիլը։ «Օսթէոփորոզ»ը կը նկատուի տարիքին առնչուած ամենէն ընդհանրացած հիւանդութիւններէն մէկը, մասնաւորաբար՝ կիներ կը կազմեն ախտահարուածներու մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը։ Հիւանդութիւնը աստիճանաբար կը տկարացնէ ոսկորները՝ զանոնք դարձնելով աւելի փխրուն եւ բարձրացնելով կոտրուածքներու վտանգը, յատկապէս ազդրի եւ ողնայարի մէջ։ Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ․ կիներու մօտաւորապէս մէկ քառորդը ազդրի կոտրուածքէ մը ետք չեն վերագտներ իրենց նախկին անկախութեան մակարդակը։
Ոսկրային զանգուածի արագ կորուստին հիմնական պատճառը «էսթրոճէն»ի մակարդակներու նուազումն է։ Այս հորմոնը կ՛օգնէ դանդաղեցնելու ոսկրային հիւսուածքի բնական քայքայումը, սակայն դաշտանադադարէն ետք այս պաշտպանողական ազդեցութիւնը կտրուկ կը նուազի։ Իբրեւ հետեւանք, ոսկորի քայքայումը կը սկսի գերազանցել նոր ոսկրային հիւսուածքի գոյացումը։
Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ թէեւ «քալսիում»ը եւ «վիթամին D»ն կը մնան կանխարգիլման համար անհրաժեշտ միջոցներ, անոնք ինքնորոյն չեն կրնար ամբողջովին կանգնեցնել տարիքի հետ առնչուած ոսկրային զանգուածի կորուստը։ Կանոնաւոր ֆիզիքական գործունէութիւնը՝ ինչպէս՝ քալելը, պարելը, թենիս խաղալը, վազելը, ծանրաբեռնուած վարժութիւնները եւ ուժային մարզումները, յատկապէս կարեւոր են ոսկրային առողջութեան պահպանման համար։ Կմախքին վրայ գործադրուող ծանրաբեռնուածութիւնը կը խթանէ նոր ոսկրային հիւսուածքի գոյացումը։
Հետազօտողները նաեւ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն անսպասելի մէկ սննդամթերքի՝ սալորաչիրին վրայ։ Մերի Ճէյն Տը Սուզայի խումբը նախապէս ցոյց տուած է, որ դաշտանադադարէն անցած կիներ, որոնք մէկ տարի շարունակ օրական մէկ բուռ սալորաչիր կը սպառէին, գրեթէ չեն կորսնցուցած ոսկրային զանգուած։ Գիտնականները այժմ սկսած են նոր, երկարաժամկէտ հետազօտութիւն մը՝ բացայայտելու համար, թէ արդեօք սալորաչիրը կրնայ դանդաղեցնել ոսկրային զանգուածի կորուստի ամենէն ճգնաժամային փուլը դաշտանադադարի անցման ժամանակաշրջանին։ Կ՛ենթադրուի, որ այդ ազդեցութիւնը կապուած է մարմնին մէջ քրոնիկ բորբոքման նուազումին հետ։
Մասնագէտները նաեւ կը յիշեցնեն հանրութեան, որ ոսկրային առողջութիւնը կախեալ չէ միայն սննդականոնէն։ Ծխելը, ալքոլի չափազանց օգտագործումը, ֆիզիքական անգործունէութիւնը եւ մարմնի ցած կշիռքը զգալիօրէն կը բարձրացնեն «օսթէոփորոզ»ի վտանգը։ Աւելին, ոսկրային զանգուածը կը սկսի աստիճանաբար նուազիլ 30 տարեկանէն ետք, այսինքն՝ կանխարգիլումը պէտք է սկսի դաշտանադադարէն շատ առաջ։

