Մեծաթիւ կանխածնունդ մանուկներ շնչելու համար թոքերու արհեստական օդափոխութիւն կը պահանջեն: Սակայն երկարատեւ թոքային օդափոխութիւնը կրնայ յանգեցնել այնպիսի խնդիրներու, ինչպէս՝ շնչառական հիւանդութիւնները կամ թոքերու արհեստական օդափոխիչի կողմէ յառաջացած վնասուածքները, կը գրէ Biophysical Society-ն:
Գիտնականներ Ճոնաս Նոմէն եւ Մարեյք Զինք, որոնք կ՛ուսումնասիրեն մեքանիքական լարուածութեան «ֆիզիքս»ը թոքային օդափոխութեան պարագային Լէյփզիկ համալսարանին մէջ, յայտնաբերած են որոշ «մեքանիզմ»ներ, որոնք կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ կանխածնունդներու թոքերը յատկապէս զգայուն են «սթրես»ի նկատմամբ:
«Երբ դուք բնական կը շնչէք, ձեր «տիաֆրակմ»ը եւ ձեր կողերուն միջեւ եղած մկանները բացասական ճնշում կը ստեղծեն թոքերուն ներսը: Բայց երբ թոքերու արհեստական օդափոխութեամբ կը շնչէք, դուք աւելորդ «հայտրոսթէթիք» ճնշում կը ստեղծէք: Իսկ թոքերու արհեստական օդափոխութեան ժամանակ գործող ուժերը բոլորովին տարբեր են, քան բնական շնչառութեան ժամանակ, եւ այդ, հաւանաբար, բջիջներուն որոշ վնաս կը պատճառէ»,- բացատրած է Զինք:
Օգտագործելով «ֆիթըլ» եւ մեծ առնետներու թոքերու հիւսուածքը՝ հետազօտողները Լէյփզիկի համալսարանական հիւանդանոցի «նէոնաթոլոճի»ի բաժանմունքի աշխատակիցներու հետ միասին օգտագործած են տարբեր լարուածութիւններ՝ ատոնց միջեւ հանգիստի փուլերով, որոնք նոյնանման են այն գործողութիւններուն, որոնք թոքերու մէջ տեղի կ՛ունենան՝ թոքերու արհեստական օդափոխութեան ժամանակ:
Նոյնիսկ ցած ճնշումի պարագային կանխածնունդ առնետներու թոքային հիւսուածքը տարբեր բնութագրեր ցոյց տուած է: Թոքերու հիւսուածքը փոխած է իր ձեւը եւ արտասովոր ձեւով արձագանգած՝ «սթրես»ին։ Աւելին, անոնք բացայայտած են, որ «ֆիթըս»ին թոքերը աւելի մեծ ձեւափոխութեան կ՛ենթարկուին, քան մեծ մարդու մը թոքերը:
Հետազօտողները նաեւ բացայայտած են, որ թոքերու վրայ ճնշման փոփոխութիւնները կ՛ազդեն «սոտիում»ի փոխադրումը ապահովող երկու ուղիներու՝ «էփիթիլիըլ սոտիում»ի ուղիին վրայ, որ կարեւոր դեր կը խաղայ օրկանիզմին մէջ ջուրի եւ աղի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու գործին մէջ:
«Այդ կրնայ պատճառ դառնալ, որ թոքերու հեղուկը չկարենայ լաւ ներծծուիլ արեան շրջանառութեան մէջ վաղաժամ ծննդաբերութենէն ետք», բացատրած է Նոմէն: