Այսօր, բաւական տարածուած է այն կարծիքը, որ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ կշիռք եւ միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, Սպանիայէն գիտնականներու խումբ մը փաստած է, որ այս մէկը միայն առասպել է, եւ թէ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են:
Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են առաջին համազգային հետազօտութիւնը, որուն մէջ ուսումնասիրած են կանոնաւոր ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան եւ աւելորդ կշիռքով մարդոց առողջութեան միջեւ կապը, յայտնած է Medportal.ru-ն: Հետազօտութեան ժամանակ հաշուի առած են աւելի քան 527 600 տարեց մարդոց տուեալները (միջին տարիքը՝ 42):
Հետազօտութեան մասնակիցներուն բաժնած են քանի մը խումբերու՝ ելլելով մարմնի զանգուածի «ինտեքս»-էն՝ բնական կշիռքով, աւելորդ կշիռքով եւ ճարպակալումով, ինչպէս նաեւ կախեալ՝ անոնց ֆիզիքական աշխուժութենէն: Հետազօտութեան մասնակիցներու սիրտ-անօթային համակարգի վիճակը որոշած են սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի երեք հիմնական գործօններով՝ հիւանդութեան պատմութեան մէջ շաքարախտի, զարկերակային բարձր ճնշման եւ «վատ» «քոլեսթերոլ»-ի բարձր մակարդակի առկայութիւն:
Հետազօտութեան մասնակիցներուն շուրջ 42 առ հարիւրը ունէր մարմնի բնական զանգուած, 41 առ հարիւրը՝ աւելորդ կշիռք, իսկ 18 առ հարիւրը կը տառապէր ճարպակալումով: Մասնակիցներուն մեծ մասը (65,3 առ հարիւր) նուազ աշխուժ էր, այսինքն՝ չէր կատարեր նուազագոյնը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարած շաբաթական 150-300 վայրկեան «այերոպիք»-ի ծանրաբեռնուածութիւնը: Մասնակիցներուն 12,3 առ հարիւրը կը հետեւէր անբաւարար ֆիզիքական աշխուժութեան, եւ միայն 24,2 առ հարիւրն էր, որ կանոնաւոր կերպով կը զբաղէր մարզանքով: Մասնակիցներուն մօտաւորապէս 30 առ հարիւրը ունէր «քոլեսթերոլ»-ի բարձր մակարդակ, 15 առ հարիւրը կը տառապէր զարկերակային բարձր ճնշումէ, իսկ 3 առ հարիւրին մօտ շաքարախտ ախտորոշուած էր:
Այս բոլոր տուեալներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ որեւէ ֆիզիքական աշխուժութիւն, նոյնիսկ նուազագոյն, կը նուազեցնէ շաքարախտի զարգացման եւ «վատ քոլեսթերոլ»-ի մակարդակի բարձրացման հաւանականութիւնը: Բայց կան նաեւ վատ նորութիւններ. աւելորդ կշիռքով եւ ճարպակալումով մարդոց շրջանակին մէջ յայտնաբերուած է սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու բարձր վտանգ՝ մարմնի բնական զանգուածով տարեկիցներու համեմատութեամբ: Ատկէ անկախ, գեր մարդոց շրջանակին մէջ, որոնք պարբերաբար կը զբաղին մարզանքով, շաքարախտի զարգացման վտանգը 3 անգամ աւելի բարձր է՝ ամէնէն ծոյլ, բայց բարեկազմ մարդոց համեմատութեամբ:
Հետազօտութեան հեղինակներուն կարծիքով՝ այս եզրակացութիւնները կը հերքեն այն առասպելը, որ կարելի է ունենալ աւելորդ կշիռք եւ միաժամանակ ըլլալ առողջ, եթէ ուշադրութիւն դարձուի ֆիզիքական աշխուժութեան: Ֆիզիքական մարզումները նուազագոյնը կը փոխհատուցեն առողջութեան համար աւելորդ կշիռքի բացասական հետեւանքները, սակայն սիրտի հետ կապուած խնդիրներէն չեն ազատիր: