Բնութեան հետ աւելի սերտ կապը կրնայ փոխել կուրծքի կաթի բաղադրութիւնը՝ ազդելով մանուկի մը առողջութեան վրայ, բացայայտած են Թուրքուի համալսարանի գիտնականները։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Scientific Reports ամսագրին մէջ։
Հետազօտութեան, որ սկսած է 2007 թուականին, մասնակցած է 800 կաթ տուող մայր։ Կուրծքի կաթի նմուշները հաւաքուած են այն ժամանակ, երբ ամբողջացած է փոքրիկներու երեք ամիսը։ Կաթի բաղադրութիւնը ուսումնասիրուած է Սան Տիեկոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։
Գիտնականները բացայայտած են, որ «օլիկոսաքարայտ»ներու բազմազանութիւնը բարձր եղած է այն կիներու կաթին մէջ, որոնք ապրած են աւելի կանաչ շրջաններու մէջ։ Արդիւնքները կախեալ չեն եղած կիներու կրթութեան մակարդակէն, մասնագիտութենէն, ընտանեկան դրութենէն եւ ծնողներու առողջական վիճակէն, ինչպէս նաեւ բնակավայրի ընկերային-տնտեսական բարեկեցութենէն։
Հետազօտութեան արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ բնութեան հետ ամէնօրեայ շփումներու յաւելումը կրնայ օգտակար ըլլալ կաթ տուող մայրերու եւ անոնց մանուկներուն համար։
«Օլիկոսաքարայտ»ները կուրծքի կաթի առաւել տարածուած բաղադրիչներն են «լաքթոզ»էն եւ ճարպերէն ետք։ Կուրծքի կաթին մէջ առկայ «օլիկոսաքարայտ»ները, «լիկոսաքարայտ»ները կրնան պաշտպանել նորածինը վնասակար «միքրոպ»ներէն եւ նուազեցնել «ալերժի»ի եւ հիւանդութիւններու յառաջացման հաւանականութիւնը։