Կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ բարձրացնել նեխած ուտելիքներու պատճառով սալմոնելայով թունաւորուելու վտանգը մարդոց մօտ, կը նախազգուշացնէ նոր հետազօտութիւն մը, հաղորդած է HealthDay News-ը:
Խոնաւութեան բարձրացումը աւելի հաւանական կը դարձնէ, որ կանաչ տերեւներով բանջարեղէնները, օրինակ՝ հազարը, վնասուին «պաքթիրիըլ» հիւանդութիւններէն, ինչպէս՝ տերեւի բիծը, տեղեկացուցած են հետազօտողները իրենց յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է Applied and Environmental Microbiology ամսագրին մէջ։
Իրենց կարգին, այդ «պաքթիրիըլ» հիւանդութիւնները կրնան օգնել սալմոնելային գոյատեւելու կանաչ տերեւներ ունեցող բանջարեղէններուն մէջ՝ բարձրացնելով ուտելիքի միջոցով փոխանցուող հիւանդութիւններու վտանգը մարդոց մօտ, ըսած են հետազօտողները։
«Բարձր խոնաւութեան ազդեցութիւնը առողջ բոյսերու վրայ եւս կը նպաստէ սալմոնելայի գոյատեւման, ինչ որ ուտելիքներու անվտանգութեան համար խնդիր կը յառաջացնէ՝ կապուած կլիմայի փոփոխութեան հետ», ըսած է հետազօտող Ճերի Պարաքը (Ուիսքոնսին-Մետիսըն համալսարանի բոյսերու փեթոլոճիի փրոֆեսոր)։ Ամէն տարի սալմոնելայով կը հիւանդանայ 1,2 միլիոն մարդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ըսած են հետազօտողները:
Թարմ ուտելիքները սալմոնելայով վարակումի ամենէն ընդհանրացած միջոցն են, որովհետեւ սալմոնելան կ՛ապրի շատ մշակաբոյսերու վրայ եւ երկար ժամանակ կը պահպանուի հողին մէջ ։
Տարրալուծարանական փորձարկումներու ընթացքին հետազօտողները փոփոխութեան ենթարկած են տերեւի բիծ յառաջացնող պաքթիրիայի եւ կանաչ տերեւներու սալմոնելա պաքթիրիաներու ենթարկուելու ժամանակը՝ հասկնալու համար անոնց տարբեր ազդեցութիւնը այս պաքթիրիաներու աճին կամ բոյսերու առողջութեան վրայ։