«Քորոնա» ժահրային վարակի պարագային, հազի դէմ օշարակներու ստացումը կրնայ գէշ գաղափար ըլլալ, որովհետեւ այդ դեղամիջոցներէն շատերուն մէջ կ՛ընդգրկուի նիւթ մը, որ կրնայ նպաստել «քորոնա» ժահրի բազմացումին։ Այս մասին խօսուած է գիտնականներու միջազգային խումբի նոր հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Nature-ի մէջ։
Խօսքը կը վերաբերի «տեքսթրոմեդորֆանի»՝ միացում, որ կը ճնշէ դէպի ուղեղ գացող ազդանշանները, որոնք կ՛աշխուժացնեն հազի «ռիֆլեքս»-ը։ Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ մեծ է հաւանականութիւնը, որ «քորոնա» ժահրային վարակով հիւանդները կը սկսին ընդունիլ այդ դեղամիջոցները, չէ՞ որ COVID-19-ի գլխաւոր ախտանիշներէն մէկը հազն է։
«Մենք յայտնաբերած ենք, որ առանց դեղագիրի ծախուող որոշ դեղամիջոցներ կրնան ունենալ «բրօ-ժահրային» ազդեցութիւն, անոնք կրնան աշխուժօրէն նպաստել վարակի տարածման, եւ մարդիկ պէտք է գիտնան այս մասին»,- ըսած է Սան Ֆրանսիսքոյի University of California-ի փրոֆեսոր Նեւիլ Քրոկան։
Թէեւ հազի դէմ օշարակներու ստացումը տակաւին չի նշանակեր, որ «քորոնա» ժահրային վարակի ախտանիշները կը վատանան, հետազօտողները կը յանձնարարեն չառնել այն դեղամիջոցները, որոնք «տեքսթրոմեդորֆան» կը պարունակեն։
«Եթէ ես COVID-19 ունենայի, լաւ կը մտածէի նախքան հազի դէմ օշարակ առնելը»,- աւելցուցած է Քրոկան։