Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տիուք համալսարանի հոգեբանները յանգած են այն եզրակացութեան, որ հակաընկերական վարքի հակում ունեցող մարդիկ աւելի արագ կը ծերանան։ Գիտնականներու հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են International Journal of Environmental Research and Public Health ամսագրին մէջ։
Հեղինակները ուսումնասիրած են մեծ «լոնկիթիուտ» հետազօտութիւնները Նիւ Զիլընտի մէջ, որոնց մասնակցած է 1 037 մարդ եւ որոնք ծնած են 1972 ապրիլ-1973 մարտի ընթացքին։ Բոլոր մասնակիցները կատարած են բժշկական եւ հոգեբանական քննութիւն քանի մը անգամ առաջինը 3 տարեկանին եւ վերջինը 45 տարեկանին։
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ հակաընկերային վարք ունեցող մասնակիցներու յիշողութեան մէջ զգալիօրէն արագացած են կենսաբանական ծերացման քայլերը։ Երբ այդ մարդիկը հասած են 45 տարեկան, անոնք եղած են միջինը 4,3 կենսաբանական տարիքով աւելի մեծ բաղդատելով անոնց հետ, որոնք հակաընկերական վարքի աւելի ցած մակարդակ ունեցած են։
Նշենք, որ հակաընկերային վարքը կը վերաբերի մարդոց այն գործողութիւններուն, ուր շարունակ կը խախտուին ընկերական նորմերը, կ՛անտեսուին ուրիշներու իրաւունքները եւ յաճախ կապուած են կարեկցութեան կամ զղջումի բացակայութեան հետ։ Ինչպէս օրինակ՝ կեղծաւոր ըլլալը, «ակրեսիվութիւնը», գողութիւնը, բռնութիւնը, սուտը եւ «մէնիփիւլէյշընը» կամ շահագործութեան վարքի այլ տեսակները։