Կլիմայական իրավիճակի վատթարացումը եւ համաշխարհային ջերմացումը կրնան յանգեցնել նախապէս անյայտ ժահրերու յառաջացման: Այսպիսի տեսակէտ յայտնած է «կենսաէքոլոկ» Լիտիա Պելիաեւան:
«Մասնագէտը նշած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ օդի միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը կը յանգեցնէ սառցադաշտերու հալելուն, որոնց հետ միասին կրնան հալիլ ժահրերը եւ «մայքրօրկանիզմներու սփոր»-ները, որոնք յառաջացած են շատ տարիներ առաջ: Եւ յայտնի չէ՝ մարդկային օրկանիզմը արդեօք կրնա՞յ ատոնց դիմադրել, նշած է մասնագէտը: Անոր խօսքով՝ բնութեան մէջ գոյութիւն ունին ժահրերու շատ տեսակներ, որոնք տակաւին մարդոցմէ կը պահուըտին անասուններու օրկանիզմներուն մէջ:
«Ալերժի»-ի մասնագէտ-ախտազերծաբան Օլկա Փաշչենքոն, իր կարգին աւելցուցած է, որ մարդկային գործունէութեան թափթփուկներով ջրամբարներու եւ հողի աղտոտումը կը տանի օրկանիզմի մէջ թունաւոր նիւթերու յայտնութեան: Այս մէկը կը մեծցնէ «ալերժի»-ի եւ հակազդեցութեան կարելիութիւնը, որուն պարագային մարդկային օրկանիզմը կ՛ենթարկուի ոչ միայն նոր ժահրերու, այլ՝ արդէն շատոնց գոյութիւն ունեցող եւ յայտնի ախտածիններու ազդեցութեան: