Մարդիկ անհրաժեշտ ուշադրութիւն չեն դարձներ ակռաներու եւ բերանի խոռոչի առողջութեան պահպանման: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ակռաներու առողջութիւնը եւ գեղեցկութիւնը առաջնահերթութիւն են մարդոց մեծամասնութեան համար, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել շատ մը այլ երկիրներու համար, այդ շարքին՝ Հայաստանի։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է ատամնաբուժ Ժանեթ Չանգ (ԱՄՆ)։
Բժիշկ Չանգ երկու անգամ եկած է Հայաստան բարեգործական բժշկական առաքելութեան ծիրին մէջ։ Աշխատելով հայ հիւանդներու հետ՝ ան նկատած է, որ այստեղ շատ մարդիկ ոչ միայն անհրաժեշտ լրջութեամբ չեն վերաբերիր ակռաներու առողջութեան վերաբերեալ, այլ նոյնիսկ գիտելիքներ չունին այդ մասին, թէ ի՞նչ բան կ՛ազդէ ակռաներու վիճակի վրայ (օրինակ, սնունդը, համակարգային հիւանդութիւնները, մաքրութիւնը) եւ ինչպէ՞ս պէտք է խնամել զանոնք։
Ակռաներու առողջութեան պահպանման համար մասնագէտը խորհուրդ կու տայ սահմանափակելու շաքարի եւ արագ ածխածիններու քանակը սննդաբաժինին մէջ։ Եթէ շատ մեծ է քաղցր ուտելու փափաքը, աւելի լաւ է այդ մէկը ընել արագ եւ անմիջապէս. եթէ դանդաղ ու քիչ-քիչ ուտես, ակռաները աւելի երկար ժամանակ կ՛ենթարկուին շաքարի ազդեցութեան եւ աւելի շատ կը վնասուին։
Սուրճի եւ հիւթերու սիրահարներուն, ինչպէս քաղցր, այնպէս ալ թթու, մասնագէտը խորհուրդ կու տայ միշտ զանոնք խմել ջուրով: Այդ մէկը կ՛օգնէ քիչ մը պաշտպանելու ակռաները շաքարի եւ թթուի ազդեցութենէն։
Մասնագէտին խօսքով՝ ակռաներու առողջութեան համար աւելի օգտակար է բնական, չվերամշակուած սնունդը՝ բանջարեղէններ, ձաւարեղէն, կարելի է եւ միս։
Փոքրիկներուն համար մասնագէտը խորհուրդ կու տայ չվարժեցնել քաղցրեղէններու կանուխ տարիքէն, եւ ոչ մէկ պարագայի փոքրիկներուն քաջալերել քաղցրով՝ լաւ վարքի կամ մէկ այլ բանի համար. այդ ձեւը վնասակար է ե՛ւ վատառողջ՝ սննդային սովորութիւններու ձեւաւորման, ե՛ւ ակռաներու ու բերանի խոռոչի առողջութեան տեսակէտէն։
Բացի ատկէ, մասնագէտը խորհուրդ կու տայ կանուխ տարիքէն փոքրիկներուն տանիլ ատամնաբուժի մօտ, եթէ նոյնիսկ անոնք ոչ մէկ խնդիր ունին։ Եթէ փոքրիկը վարժուի նստիլ աթոռին եւ արտօնէ բժիշկին, որպէսզի քննէ իր ակռաները, երբ բուժումի կարիք ունենայ, ան ինքզինք աւելի հանգիստ կը զգայ։